ՀՕՄի Իններորդ Տասնամեակը (1990-2000)
Գ. ՄԱՍ
ՀՕՄԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԻՄԱԳԻԾԸ
1978էն ի վեր, ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը շարունակեց ՄԱԿի ոչ-կառավարական կազմակերպութեանց (ՈԿԿ, NGO) հանրային տեղեկատուութեանց բաժանմունքի շաբաթական նիստերուն ներկայ գտնուիլ:
ՀՕՄը 1990էն ի վեր մաս կը կազմէ նաեւ «Եունայթըտ Ուէյ» (United Way) համաամերիկեան մեծ կազմակերպութեան: «Եունայթըտ Ուէյ»ի միջոցով նուիրատուութիւններ կատարելու պարագային, պէտք է յիշել ՀՕՄի անունը եւ պահանջել տուրքէ զերծ իրավիճակի համապատասխան ստացագիր:
ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը մասնակցեցաւ Զիւրիխի մէջ «Քրիսչըն Սոլիտէրիթի»ի (Christian Solidarity) կողմէ կազմակերպուած «Արցախի համար խաղաղութիւն» («Peace for Nagorno Karabagh») ժողովին:
Մարտ 6-12, 1995ին, ՀՕՄի պատուիրակութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ եւ իր մասնակցութիւնը բերաւ Քոփենհակընի համաշխարհային ընկերային զարգացման Խորհրդաժողովին:
29 Օգոստոսէն 13 Սեպտեմբեր 1995, Պէյժինկի մէջ կայացած կանանց միջազգային չորրորդ համագումարիի ՀՕՄի ներկայացուցիչները իրենց գործնական մասնակցութիւնը բերին:
ՀՕՄը գործնականօրէն նաեւ կը մասնակցի UNICEFի (United Nations International Childrens Health, Education and General Welfare Fund) հետեւեալ յանձնախումբերուն.-
1.- Children in Armed Conflict,
2.- Childrens Rights,
3.- Girl Child:
1996ի Մարտին, «Impact of War on Children in Armed Conflict» գիտաժողովին, ՀՕՄի ջանքերով երկու լիբանանահայ պատանի, լիպերիացի եւ պոսնիացի պատանիներու կողքին, ելոյթ ունեցան իրենց անձնական փորձառութեանց մասին:
28 Մայիս, 1998ին, ՀՕՄը ընդունուեցաւ ՄԱԿի տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդէն (ECOSOC) ներս, որպէս լիազօր անդամ: ՀՕՄը այլ յանձնախումբերու կարգին, կը մասնակցի նաեւ ՈԿԿ կնոջական իրավիճակի յանձնախումբին, ՈԿԿ խորհրդաժողովներու յանձնախումբին, UNICEFին եւ ՄԱԿի մտային առողջութեան յանձնախումբին:
ՀՕՄի կեդրոնական վարչութիւնը կը քաջալերէ, որ իր միաւորները, սերտօրէն գործակցին իրենց երկիրներուն մէջ գտնուող ՄԱԿի գրասենեակներու տնօրէններուն հետ, ինչպէս ձեռնհասօրէն կը գործակցի Լիբանահայ օգնութեան խաչը (ԼՕԽ) տեղւոյն ՄԱԿին հետ:
ՀՕՄԻ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ
ՀՕՄի Կեդր. Վարչութիւնը, Միացեալ Նահանգներու արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններուն հետ, որոշեց Ուաշինկթըն մայրաքաղաքին մէջ ՀՕՄի գրասենեակ մը բանալ: Այս ընկերակցութեան (Consortium) գրասենեակին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 2 Մարտ, 1995ին:
Գրասենեակին առաջնահերթ պարտականութիւնը ամերիկեան կառավարութենէն եւ այլ աղբիւրներէ նպաստներ ապահովել էր:
Ցարդ, ՀՕՄի Ուաշինկթընի գրասենեակը հետեւեալ նպաստները ձեռք բերած է:
1.- ՋԵՐՄԱՄԵԿՈՒՍԱՑՈՒՄ
(WEATHERIZATION)
ա.- Արժէք՝ 61,074.44 տոլար:
Նպաստամատոյց աղբիւր՝ USAID (Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութիւն): Տեւողութիւն՝ Հոկտեմբեր 1994էն Հոկտեմբեր 1995:
ջերմամեկուսացում կը նշանակէ շէնքերու պատուհաններուն եւ դուռներուն կառուցային վերանորոգումը՝ ջերմութեան կորուստի եւ պաղ օդի հոսանքներու առաջքը առնելու համար:
ՀՕՄի աշխատաւորները ջերմամեկուսացուցին 10 հիւանդանոցներ, 2 դարմանատուն եւ 2 վարժարան: 50 այրերու եւ կիներու աշխատանքի առիթ ստեղծուեցաւ, ջերուցման ծախսերը նուազեցան 25-30% եւ ջերմութիւնը աւելցաւ 3էն մինչեւ 8 սանդիկրատ:
ՋԵՐՄԱՄԵԿՈՒՍԱՑՈՒՄ
(WEATHERIZATION)
բ.- Արժէք՝ 256,193.47 տոլար:
Նպաստամատոյց աղբիւր՝ USAID: Տեւողութիւն՝ Դեկտեմբեր 1995էն Յունիս 1996: 300 այրեր եւ կիներ այս ծրագրին վրայ աշխատելով ջերմամեկուսացուցին Գիւմրիի, Ամասիոյ, Վանաձորի, Սպիտակի եւ Ախուրեանի մէջ 21 հիւանդանոցներ, դպրոցներ եւ դարմանատուներ:
2.- ՀԻՒՍՔԻ ԾՐԱԳԻՐ ԳԱՂԹԱԿԱՆ ԿԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ
(WOOL AND YARN KNITTING)
Արժէք՝ 35,000 տոլար:
Նպաստամատոյց աղբիւր՝ Նորվեկիական Գաղթականական Խորհուրդ (Norwegian Refugee Council):
Զանազան տեսակի հագուստներ, գլխարկներ, ձեռնոցներ ու գուլպաներ հիւսելով եւ ծախելով, Հրազդանի եւ Չարենցաւանի մէջ, շուրջ 130 գաղթական կիներու գործ հայթայթուեցաւ եւ իրենց ապրուստը ապահովուեցաւ:
3.- ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺՆԻ ՄՆԱՑՈՐԴ ԳՈՅՔԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
Արժէք՝ 902,509.32 տոլար (ցարդ ստացուած գոյքերու արժէքը):
Նպաստամատոյց աղբիւր՝ Պաշտպանութեան Բաժին (Counterpart Foundation):
ՀՕՄի «քոնսորթիում»ի գրասենեակը Counterpart Foundationին դիմեց, ստանալու համար Ամերիկայի եւ Եւրոպայի զինուորական փակուած խարիսխներէն աւելցած գոյքեր, զորս պաշտպանութեան բաժնի տնօրէնութիւնը կը բաժնէ ամերիկեան ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններուն:
Ցարդ, ՀՕՄին յանձնած են 20 ոտք մեծութեամբ ութ շարժուն պահեստանոց, լի բժշկական բազմապիսի դեղորայքով եւ սարքաւորումներով, որոնք հասած են Երեւան եւ պարունակութիւնը բաժնուած է հիւանդանոցներու եւ դրամատուներու:
4.- ՎԱՆԱՁՈՐԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՊԱՐՏԷԶՆԵՐՈՒ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐԱՄՇԱԿՈՒՄ
Արժէք՝ 21,000 տոլար:
Նպաստամատոյց աղբիւր՝ World Food Program: Տեւողութիւն՝ տասը շաբաթ:
Վանաձորցի 480 անգործներու ժամանակաւոր աշխատանք հայթայթուեցաւ: Անոնք հանրային պարտէզները մաքրեցին, ծաղիկներ եւ դալարավայրեր վերամշակեցին: ՀՕՄը նաեւ կարողացաւ Food-For-Work ծրագրի միջոցով, աշխատանքի փոխարէն՝ ալիւր, ձէթ եւ պահածոյ ձուկ մատակարարել ժամանակաւոր գործաւորներուն:
5.- ԳԵՐ ՍՆՆԴԱՐԱՐ
ԲԼԻԹՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՈՒՄ
Արժէք՝ ներկայիս անյայտ:
Նպաստամատոյց աղբիւր՝ World Food Program: Տեւողութիւն՝ Մայիս 1996էն Դեկտեմբեր 1996:
World Food Programը ընտրեց ՀՕՄը եւ անոր միաւորներէն Հայաստանի ՀՕԽը, իբրեւ իր գործատարները, որոնք 350 մեթրիք թոն գեր-սննդարար բլիթներ բաժնեցին երկրաշարժի ու Զանգեզուրի շրջաններուն մէջ:
6.- ՎԱՐԺԱՆՔ ԾՐԱԳԻՐ
(INTERNSHIP PROGRAM)
1995էն ի վեր, ՀՕՄի Ուաշինկթընի գրասենեակը, ամրան, համալսարանական երկու հայուհիներ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքը կը հրաւիրէ, որպէսզի 6 շաբաթ աշխատին ծերակուտականներու գրասենեակներուն մէջ եւ ծանօթանան ամերիկեան կառավարութեան գործելաձեւին եւ ՀՕՄի տարած աշխատանքներուն: Այս ծրագրին նպատակն է երիտասարդ ուժերու գործնական դաստիարակութիւնը, ՀՕՄի ապագայ գործունէութեան կարող ՀՕՄուհիներ պատրաստելու առաջնահերթութեամբ: