
Շաբաթ, Յուլիս 24ին, իր մահկանացուն կնքեց «Ալէք Փիլիպոս» վարժարանի երկարամեայ ուսուցչուհի Յասմիկ Թաշճեանը: «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանէն ներս իր աւելի քան 30 տարուան ուսուցչական ծառայութեան ընթացքին, Յասմիկ Թաշճեան դարձաւ վարժարանի սիւներէն մէկը, եւ իր նուիրումին շնորհիւ կրթեց հայ աշակերտներու սերունդներ: Անոր առաջնորդող յատկութիւնները եւ ազնուութիւնը միշտ պիտի փնտռուին վարժարանէն ներս: Տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, անձնակազմին եւ աշակերտութեան անունով, կը գուժենք Յասմիկ Թաշճեանի կորուստը», կը յայտնէ վարժարանի տնօրէն Նազօ Աբանեան:
ՈՒՍՈՒՄՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Յասմիկ Թաշճեան պատմութեան ճիւղին մէջ պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է 1963ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն, ուրկէ՝ 1965ին, ան ստացած է նաեւ Մագիստրոսի տիտղոսը, նոյն ճիւղին մէջ: Ան Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն ստացած է նաեւ ուսուցչական վկայական:
Միացեալ Նահանգներ ժամանելէ ետք, ան ուսումը շարունակած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ (UCLA), ուր ան Մագիստրոսի երկրորդ տիտղոսին (1981) ու դոկտորային արժանացած է, այս անգամ՝ Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքի Հայկական գրականութեան ճիւղին մէջ: Անոր թէզին նիւթն էր՝ «Տիպարներու յարաբերութեանց ուսումնասիրութիւն՝ հայկական Սասունցի Դաւիթի դիւցազներգութեան մէջ»:
Ան նաեւ Քալիֆորնիոյ պետական վարժարաններուն մէջ ուսուցչութիւն կատարելու յատուկ վկայականին արժանացած էր:
ԱՍՊԱՐԷԶ

Հայկական մշակոյթին նկատմամբ Յասմիկ Թաշճեանի սէրը ակնյայտ էր հայ պատանիները եւ երիտասարդները դաստիարակելու իր նուիրումին մէջ: Անոր տպաւորիչ ուսուցչական ասպարէզը կը տարածուի հինգ տասնամեակներու վրայ, սկսելով Լիբանանէն ու հասնելով մինչեւ Միացեալ Նահանգներու ափերը:
Պէյրութի մէջ, ան ընկերային գիտութեանց ուսուցչուհի էր «Դարուհի Յակոբեան» երկրորդական վարժարանին մէջ, իսկ անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի՝ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆի Յակոբեան քոլեճին մէջ:
Լոս Անճելըսի մէջ, ան UCLA-ի Հայագիտական «Նարեկացի» ամպիոնին մէջ հայերէն լեզու դասաւանդած է, իսկ Մխիթարեան հայագիտական հիմնարկէն ներս ստանձնած է հայկական գրականութեան դասախօսի պաշտօն:
Անոր փորձառութիւնը առիթ ընծայած է, որ ան Արեւմտահայերէնի դասընթացքներ գլխաւորէ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, Միշիկընի համալսարանի Էն Արպըրի մասնաճիւղին հետ համատեղ կազմակերպուող ամառնային չորս տարբեր դասընթացքներու ընթացքին:
Դարձեալ Լոս Անճելըսի մէջ, Յասմիկ Թաշճեան դարձած էր «Ալէք Փիլիպոս» վարժարանի մնայուն արժէքներէն մէկը՝ հոն դասաւանդելով 33 տարիներ: Ան ուսուցչական կազմին շատ սիրուած ու յարգուած անդամներէն մէկն էր: Ան Անգլերէնի բաժանմունքին պատասխանատուն էր եւ համալսարանական մակարդակի անգլերէն լեզու եւ գրականութիւն կը դասաւանդէր վերին դասարաններու յառաջացեալ մակարդակի աշակերտներուն: Յատկանշական է նաեւ, որ ան «Ալէք Փիլիպոս» վարժարանին գոյութեան 40 տարիներուն ընթացքին, ականատես եղած է իւրաքանչիւր դասարանի աւարտական հանդէսներուն:
Վերջապէս, ան Փասատինայի քաղաքային համալսարանին մէջ հայերէն լեզու եւ մշակոյթ դասաւանդած է վերջին 20 տարիներուն:
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔ
Յասմիկ Թաշճեան անդամ էր մշակութային եւ կրթական շարք մը կազմակերպութիւններու:
Ան շարք մը պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային կազմակերպութենէն ներս՝ հանդիսանալով Լիբանանի Անթիլիաս քաղաքին մէջ «Համազգային»ի հիմնադիր անդամներէն մէկը:
Լոս Անճելըսի մէջ, ան մասնակցած է «Համազգային»ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի աշխատանքներուն, քանի մը տարիներու ընթացքին ըլլալով նաեւ անոր վարչութեան ատենապետը: Ան ընտրուած է նաեւ Համազգայինի շրջանային վարչութեան անդամ:
Յասմիկ Թաշճեան անդամակցած է նաեւ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան, Միջին Արեւելքի ուսմանց միութեան, որոնց հովանիին տակ կազմակերպուած շարք մը գիտաժողովներու, խորհրդաժողովներու եւ դասախօսական ձեռնարկներու մասնակցած է:
Ան նաեւ հպարտ շրջանաւարտ մըն էր Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին, հաւատալով, որ անոր կրթական եւ հոգեւոր արժէքները ամուր հիմերու վրայ դրած էին սոյն վարժարանը:
ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ ԵՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄՆԵՐ
Յասմիկ Թաշճեան իր երկարամեայ ուսուցչական եւ մշակութային ասպարէզին ընթացքին արժանացած է շարք մը մրցանակներու եւ յիշատակումներու: Անոնց շարքին կը յիշենք հետեւեալները.
– Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի Շրջանաւարտից միութիւնը 2007ին անոր շնորած էր «Տարուան շրջանաւարտը» մրցանակը՝ արժեւորելով անոր տպաւորիչ կրթական աշխատանքը.
– Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինը 2005ին անոր շնորհած էր ուսուցիչներու յատուկ՝ «Դանիէլ Վարուժան» մրցանակը.
– Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինը 1993ին անոր շնորհած էր 25 տարինու ուսուցչութեան յատուկ մրցանակը.
– «Who՛s Who Among America՛s Teacher» կազմակերպութիւնը անոր շնորհած էր 1992-1993 տարեշրջանի լաւագոյն ուսուցիչի մրցանակը.
– Նուիրուած ուսուցիչի մրցանակ (1991).
– UCLA-ի «Fellowship» մրցանակ (1989).
– Լեւոն եւ Սոֆի Յակոբեան քոլեճը 1972ին անոր շնորհած է կատարելագործուած ուսուցչութեան մրցանակը: