ՊԷՅՐՈՒԹ.- Չորեքշաբթի, Յուլիս 21ին, երեկոյեան ժամը 8:30ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը՝ ֆութպոլի օրակարգով, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Լիբանանի շրջանային վարչութեան:
Խորհրդաժողովին հրաւիրուած էին նախկին մարզիկներ, մարզիչներ, վարչական թէ յանձնախումբերու մէջ գործած ՀՄԸՄականներ:
Խորհրդաժողովին բացումը կատարեց շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան՝ ընդհանուր զեկուցում մը տալով ՀՄԸՄի ֆութպոլի մարզին մասին, ապա հրաւիրեց Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄի ներկայացուցիչ Համբիկ Միսաքեանը, որ ընդհանուր զեկուցում մը տուաւ լիբանանեան ֆութպոլին պարզած այսօրուան իրավիճակին մասին:
ՀՄԸՄի Լիբանանի շրջանային վարչութեան անդամ եւ ֆութպոլի ներկայացուցիչ Յարութ Տեմիրճեան զեկուցեց ՀՄԸՄի ներկայացուցչական խումբին մասին: ՀՄԸՄի ֆութպոլի կրտսերներու դպրոցին մասին զեկուցեց ՀՄԸՄի ֆութպոլի յանձնախումբի ատենապետ Սարգիս Վարժապետեան:
Խորհրդաժողովին մասնակիցները նախ ուղղեցին լուսաբանական հարցումներ, ապա տեղի ունեցաւ առաջարկներու օրակարգ, որուն ընթացքին շեշտը դրուեցաւ մասնաճիւղերու ֆութպոլի խումբերու վերակենդանացման եւ մրցաշարքերու կազմակերպման զարկ տալու, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի կրտսերներու դպրոցին նկատմամբ յաւելեալ հոգատարութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութեան վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.