ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Երեքշաբթի, Յուլիս 27ին յայտարարեց, թէ Իրանի դէմ Եւրոպական Միութեան նոր պատժամիջոցները «ոչ միայն Իրանի հիւլէական ծրագիրին քաղաքական եւ դիւանագիտական լուծում մը գտնելու մեր միացեալ ջանքերը կ՛ականահարեն, այլ նաեւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն մանրակրկիտ կերպով կշռուած եւ համակարգուած պայմաններուն հանդէպ արհամարհանք ցոյց կու տան»։
Յայտարարութիւնը կը նշէ, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ծիրէն դուրս պատժամիջոցներու հաստատումը «անընդունելի» է։
«Կը ցաւինք յայտնելու, որ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի վրայ ճնշում բանեցնելու վերջին բոլոր քայլերը ցոյց կու տան գործակցութեան սկզբունքին իրենց արհամարհանքը», կ՛աւելցնէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Միւս կողմէ, Իրան Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան փոխանցած է, թէ պատրաստ է առանց որեւէ պայմանի վերսկսելու երկրի հիւլէական ծրագիրին հարցով բանակցութիւնները։ Հարցը կը վերաբերի հիւլէական կայաններու համար վառելանիւթի եւ իրանեան ցած մակարդակով հարստացուած իւրանիոմի փոխանակման, որուն շուրջ Իրան Մայիսին Թուրքիոյ եւ Պրազիլի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.