Հազուագիւտ են անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց կեանքի փորձառութիւնները գրի կ՛առնեն, եւ իբր յուշեր կամ յիշողութիւններ կը հաւաքեն ու գիրքի ձեւով կը հրամցնեն ընթերցողին, մանաւանդ այնպիսի յիշողութիւններ, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ ընթերցողի առօրեային, նոյնիսկ կարգ մը պարագաներու՝ օգտակար դառնան անոր ընթացիկ կեանքին: Այս հազուագիւտ եւ յատուկ անձնաւորութիւններէն է «Յուշագրութիւններ Բժիշկի մը Կեանքէն» գիրքի հեղինակ, մեր համայնքին ծանօթ, անոր վստահութեան արժանացած ու յարգանքը վայելող ազգային եւ հասարակական գործիչ բժիշկ Խաչիկ Ռշտունին:
Վերջերս լոյս տեսաւ եւ հրապարակի վրայ է «Յուշագրութիւններ Բժիշկի մը Կեանքէն» 128 էջանոց սոյն գիրքը, որ իրապէս ինքնին իւրայատուկ գործ մը կը համարուի՝ իր բովանդակած տարեատեսակ նիւթերով ու յօդուածներով: Հոն կը ծանօթանանք հայ ազգի տառապեալ սերունդին՝ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ սպանդի անդաստան Տէր Զօրէն ոչ շատ հեռու, Սուրիոյ հիւսիս արեւելեան սահմաններու եւ Թուրքիոյ սահմանին գտնուող Ալճազիրա նահանգի Գամիշլի քաղաքը ապաստանած հայ համայնքի կենցաղին եւ անոնց ազգային կառոյցներու կազմաւորման: Յիշողութիւններ գիրքի հեղինակի ծննդավայրէն, անոր ուսանողական կեանքէն, սկսեալ՝ տեղական ազգային վարժարանէն, մինչեւ իր բժշկական վկայականի ստանալը Փարիզէն, իսկ նախքան այդ՝ իր ամուսնութիւնը Փարիզի մէջ, ապա վերադարձը ծննդավայր Գամիշլի եւ ընդգրկուիլը տեղական ազգային կեանքին մէջ:
Հաւատարիմ մնալով բժշկութեան մարդասիրական սկզբունքներուն՝ հոն օրինակներ կան, թէ ինչպէս ան մէկ դի դնելով իր անհատական զգացումները իբր հայ՝ թուրք երեխայի մը կեանքը կ՛ազատէ, այդ մէկը մարդկային զգացում համարելով, նոյնիսկ անտեսելով այդ երեխային բարեկամներէն մէկուն հպարտագին արտայայտութիւնները, թէ ինչպէս իրենք (թուրքերը) անզէն եւ անօգնական հայ գաղթականներու կեանքին վերջ կու տային, առանց ականջ դնելու անոնց աղերսին:
Խօսելով բժշկութեան՝ մարդկութեան ընծայած բարիքներուն մասին՝ հոն անդրադարձ կայ դեղահատերու եւ ուրիշ դեղամիջոցներու ունեցած հրաշագործութեան՝ մարդկային կեանքին մէջ եւ անոր երկարակեցութեան ի նպաստ:
Յիշողութիւններ՝ առաջին անգամ Հայաստան իրենց այցելութեան ընթացքին ունեցած զգացումներուն եւ հիասթափութեան մասին:
Պայմաններու եւ հանգամանքներու բերումով, ետին թողնելով մանկութեան եւ երիտասարդութեան երջանիկ եւ անմոռանալի յուշերը, թողնելով ծննդավայրը՝ ան կը փոխադրուի ԱՄՆ, եւ հաստատուելով Քալիֆորնիոյ հայահոծ քաղաք Կլենտէյլ, ուր զգալով հայ անհատի խիստ կարեւորութիւնը Սփիւռքի մէջ ազգապահպանման սրբազան գործին համար՝ ան շատ շուտով կ՛ընդգրկուի տեղական ազգային եւ հասարակական գործերու մէջ՝ համայնքին տրամադրելով իր ունակութիւնները:
Շատ կարեւոր անդրադարձ կայ սփիւռքահայութեան մտահոգութիւններուն՝ հանդէպ մեր լեզուին ու ազգային սովորութիւններու պահպանման, մանաւանդ՝ մեր ազգային արդար իրաւունքներու հանդէպ անխախտելի հաւատքին ի նպաստ տարուած աննկուն աշխատանքներուն:
Վերջապէս, «Յիշողութիւններ Բժիշկի մը Կեանքէն» գիրքը իր բովանդակութեամբ արժանի է ուշադրութեան, եւ անհրաժեշտ է զայն կարդալ ու օգտուիլ իր պարունակած նիւթերէն եւ հեղինակին ունեցած անձնական փորձառութիւններէն, որոնք գրի առնուած եւ հրամցուած են ընթերցողին:
Վարձքը կատար հեղինակին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.