Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի պատկառելի կազմին իւրաքանչիւր անդամը խորապէս գիտակից է իր երկրի շահերուն, ու վստահ ենք, որ այդ շահերը պաշտպանելու իւրաքանչիւրի նախանձախնդրութիւնը անվիճելի է:
Ուրեմն, պէտք է հանգիստ ըլլանք, որ յանձնաժողովը պիտի չվաւերացնէ Մեթիու Պրայզայի թեկնածութիւնը՝ իբրեւ Ատրպէյճանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան:
Հզօրագոյն կարելիութիւններ ունեցող երկրի մը օրէնսդիր մարմինին մէկ յանձնաժողովը, վստահ ենք, որ իր տրամադրութեան տակ ունի բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ այսպիսի կարեւոր պաշտօնի մը համար թեկնածու անձի մասին հանգամանալիօրէն տեղեկացուելու, զայն էապէս ճանչնալու, անոր քաղաքական հայացքներուն խորապէս ծանօթանալու եւ անոր անձնական նախապաշարումներուն վերաբերեալ զգայնութիւն ձեռք ձգելու համար:
Այսուհանդերձ, կանխելու համար որեւէ անհաճոյ անակնկալ, մենք պարտաւոր ենք ձեռնածալ չմնալ ու մեր վերապահութիւնները՝ ատրպեճանամէտ քաղաքական այս գործիչին հանդէպ՝ փոխանցել յանձնաժողովի անդամներուն:
Յանձնաժողովի անդամներուն պէտք է նաեւ յիշեցնենք, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին նուէր (այլ խօսքով՝ կաշառք) ստանալու անօրինական քայլէն չխպնած թեկնածուն, իրաւունք չունի նոյնիսկ մնալու արտաքին գործոց նախարարութեան համակարգին մէջ, որեւէ պաշտօնով, այլ ընդհակառակը՝ անոր վարքը պէտք է զննուի պատկան իշխանութեանց կողմէ:
Մենք դէմ ենք Պրայզային, որովհետեւ հրապարակուած ու իր իսկ կողմէ չհերքուած տեղեկութիւններու հիման վրայ, վստահ ենք, որ ան չի կրնար անաչառութիւն ցուցաբերել Ատրպէյճանի հանդէպ. ան չի կրնար Ամերիկայի ազգային շահերուն աննկուն պաշտպանը ըլլալ այդ տարածաշրջանին մէջ, մանաւանդ այնպիսի պարագաներու, երբ ամերիկեան շահերը կրնան խաչաձեւուիլ ատրպեճանականին հետ:
Պրայզայի թեկնածութիւնը հաստատելու գործընթացը արդէն կը մօտենայ իր աւարտին. Օգոստոս 3ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը, այլ թեկնածութիւններու շարքին, պիտի քննէ նաեւ Պրայզայի թեկնածութիւնը վաւերացնելու հարցը: Պատահականութեան չթողունք ու մեր կարելին ընենք ձախողեցնելու այդ ամերիկավնաս եւ հայավնաս նշանակումը:
Հաշուըւած օրեր մնացած են Մինչեւ Օգոստոս երեք: Առաւելագոյնս օգտագործենք այս ժամանակը, ու կապուինք օրէնսդիր մարմինին մէջ մեր ներկայացուցիչներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.