
ՊԱՔՈՒ.- Միջազգային ճգնաժամային խմբակի եւրոպական բաժանմունքի տնօրէն Սապին Ֆրէյզըր «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ատրպեճանական ծառայութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է. «ՄԱԿի Արդարադատութեան միջազգային ատեանի՝ Քոսովոյի հարցով վճիռը չի կրնար նախադէպ նկատուիլ եւ օգտագործուիլ սառեցուած միւս հակամարտութիւններու պարագային։ Ատիկա կը վերաբերի մէկ դէպքի միայն՝ Քոսովոյին»:
Փորձագէտին խօսքով, միջազգային ատեանը իր վճիռով կը յայտնէ, թէ Քոսովոյի անկախութեան հռչակումը չի հակասեր միջազգային օրէնքներուն։
Քոսովոյի հարցով ատեանին դիմած էր Սերպիան։ Այն հարցումին, որ եթէ Լեռնային Ղարաբաղը, Հարաւային Օսեթիան, Աբխազիան կամ Մերձտնեսթըր դիմեն նոյն ատեանին՝ իրենց պարագաները ուսումնասիրելու հայցով, ինչպիսի՞ն պիտի ըլլան հետեւանքները՝ Սապին Ֆրէյզըր պատասխանած է, թէ չճանչցուած հանրապետութիւն մը չի կրնար նման դիմում մը կատարել:
«Այդ քայլին դիմելու համար, Ղարաբաղը պէտք է ունենայ ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի անդամներու մեծամասնութեան աջակցութիւնը: Նոյնը անհրաժեշտ է ընել նաեւ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ։ Հարկաւոր է, որ դիմողը ՄԱԿի անդամ ըլլայ։ Ղարաբաղը անդամ չէ, ուստի Լեռնային Ղարաբաղը ի վիճակի պիտի չըլլայ այդ մէկը ընելու», ըսած է Ֆրէյզըր։