Մ.Ծ.Վ. ԱԶՆԻԿԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. աթոռի երէց միաբաններէն՝ հանգուցեալ Սմբատ արք. Լափաճեանի տան կարգը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յուլիս 25ի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր տաճարին մէջ։ Եկեղեցականաց յատուկ տան կարգի արարողութեան հանդիսապետեց թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, մասնակցութեամբ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի, Եփրեմ արք. Թապագեանի ու Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Էջմիածնական թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, բարձրաստիճան եկեղեցականներ՝ Վաչէ արք. Յովսէփեան, Միքայէլ արք. Աջապահեան, Պարէտ Ծ. վրդ. Երէցեան, Գեղամ Ծ. վրդ. Զաքարեան, ինչպէս նաեւ քահանայից դասերը։
Տան Կարգի եկեղեցական արարողութենէն ետք, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր տաճարի հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Յակոբ Տիգրանեան, անգլերէնով ընթերցեց հանգուցեալ Սմբատ սրբազանին կենսագրական գիծերը եւ իրագործումներուն ամփոփ նկարագրականները կատարեց։
Այս տխուր առթիւ, Մոնթրէալէն յատուկ կերպով Լոս Անճելըս ժամանած, հանգուցեալ սրբազանին եղբօրորդին՝ Արամ Լափաճեանը, իր եւ իր ընտանիքին կողմէ արտայայտուելով՝ ըսաւ, թէ լուսահոգի սրբազանը, իր հայ հոգեւորականի արժանիքներով, նուիրումի կեանքով եւ համեստ անձնաւորութեամբ, հսկայ մըն էր։ «Թէեւ կը սգանք, սակայն հոգեպէս մխիթարուած ենք անոր ապրած հաւատքի եւ անձնդիր նուիրումի կեանքով։ Ան հիմա իր արարիչ Աստուծոյ լոյս ներկայութիւնը կը վայելէ ու աղօթող է մեր հոգիներու փրկութեան եւ աշխարհի խաղաղութեան համար», ըսաւ ան:
Եփրեմ արք. Թապագեան, երկար տարիներու միաբանակից հոգեւոր եղբայր, կենդանի վկայութիւններով վեր առաւ եւ ներկայացուց անոր նկարագրին յատկանշական գիծերը՝ իբրեւ բարեհամբոյր, բարեսէր հայ մարդ, գիտակից, պատրաստուած, հաւատացեալ եւ նուիրեալ հոգեւորական, որ Աստուածաշունչի լայն ծանօթութիւն եւ հմտութիւն ունենալով՝ իր քարոզները եւ հոգեւոր պատգամները կը համեմէր սրամիտ մտաւորականի խոհուն խօսքերով եւ կենդանի, դիպուկ օրինակներով։
Երկուշաբթի, Յուլիս 26ի առաւօտեան, ներկայութեամբ հոծ բազմութեան, յընթացս Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ վախճանեալ սրբազան հօր վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնը։
Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւներէն Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան, հայերէնով ընթերցեց լուսահոգի սրբազանին կենսագրութիւնը։
Պատարագիչն էր թեմիս առաջնորդը։ Աղօթակից եւ մասնակից էին Օշական արք. Չօլոյեան, Ծոցի երկիրներու կաթողիկոսական փոխանորդ Կորիւն արք. Պապեան, Եփրեմ արք. Թապագեան, Վաչէ արք. Յովսէփեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Մանուէլ եպս. Պաթագեան եւ հոգեւոր հայրեր, Մխիթարեան միաբան հայրեր, Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Եուճին Քափլան արքեպիսկոպոսը, Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան հովիւ վեր. Յովսէփ Մաթոսեան ու քահանայից եւ սարկաւագաց դասերը։ Ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ազգ. կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Խաժակ Տիքիճեան, ազգ. վարչութեան եւ կրօնական ժողովի անդամներ, թեմիս ծխական եկեղեցիներու հոգաբարձական, երեսփոխանական եւ տիկնանց միութիւններու կազմեր, ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի, Մոնթեպելլոյի «Դրօ» կոմիտէի, ՀՕՄի կեդրոնական եւ շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄի շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչներ, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի սգակիր համայնքը եւ բազմահարիւր վշտակից հաւատացեալներ։
«Ողջոյն»էն առաջ, սաղմոսներու ընթերցումներու առաջնորդութեամբ քահանայ հայրեր հոգելոյս Սմբատ արք. Լափաճեանի դագաղը առաջնորդեցին դէպի սուրբ խորան. պատարագիչ առաջնորդը սրբալոյս միւռոնով օծեց ճակատը եւ աջ ձեռքը լուսահոգի սրբազանին, ապա հոգեւոր հայրեր դագաղը դարձուցին չորս ուղղութեամբ, իսկ սրբազան հայրեր «Վերջին Ողջոյն»ի յուզիչ երգերը երգեցին՝ խորհրդանշելով հոգելոյս սրբազանին վերջին հրաժեշտը՝ եկեղեցւոյ, հոգեւոր դասուն եւ ժողովուրդին։
Կորիւն արք. Պապեան ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այս առթիւ յղած ցաւակցական գիրը, ուր վեհափառ հայրապետը վեր կ՛առնէր հոգելոյս սրբազանին արդիւնաւոր ծառայութիւնները՝ հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին։ Վեհափառը կը շեշտէր Սմբատ սրբազանին հոգեւոր արժանիքները, անոր նկարագրի բարութիւնը, անկեղծութիւնը եւ աստուածաշնչական եւ հոգեւոր գիտելիքներու հմտութիւնը, մանաւանդ երախտագիտութիւնը՝ հանդէպ այն հաստատութիւններուն, ուր հասակ առած, ուսած եւ արժանացած է բարձր տիտղոսներու եւ պաշտօններու։
Իր դամբանական խօսքով, պատարագիչ առաջնորդ սրբազանը նշեց, թէ այսօր, Հայց. առաքելական եկեղեցին սուգի մէջ է եւ հողին կը յանձնէ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին նուիրեալ եւ հարազատ մէկ զաւակը։ Ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց հանգուցեալ Սմբատ սրբազանի կեանքի գլխաւոր հանգրուանները։ Ան նշեց, որ հանգուցեալ սրբազանը ակնածանք առթող անհատ էր ու հոգեւորական, որ իր կեանքը, հոգին եւ սիրտը ընծայաբերեց մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին։ Առաջնորդը ըսաւ, որ հոգելոյս սրբազանը Աստուծոյ խոնարհ ու հաւատարիմ մէկ ծառան էր, որ բոլորին հետ հաղորդ էր ու կարեկից։ Նուիրեալ հոգեւոր առաջնորդ մըն էր, որ միշտ ներկայութիւն եղաւ եկեղեցւոյ ու ծխականներու կեանքին մէջ, ուրախութեան թէ տրտմութեան պահերուն։ Ան իր հօտի զաւակներուն համար ընտանիքի հարազատ անդամ մըն էր։ Աւելին, ան իբրեւ Արեւմտեան մեր թեմի հիմնադիր առաջնորդը՝ բանալի դերակատարութիւն ունեցաւ թեմի կազմակերպման ու տարածման աշխատանքներուն մէջ, յատկապէս եկեղեցիներու ու դպրոցներու ճամբով։ Ան նաեւ սիրելի ուսուցիչ մըն էր, որուն ուսուցմունքը խոր հետքեր թողած են իր աշակերտներու կեանքերուն մէջ, Լիբանանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ։ Ան նաեւ «Կենաց Բան»ին պատգամներուն հաւատաւոր մէկ քարոզիչն էր, Քրիստոսի խօսքին տարածիչը եւ հաւատացեալին հոգիին մէջ սերմանողը։ «Մենք մեզ առանձնաշնորհեալ կը զգանք, որ հոգելոյս Սմբատ սրբազանին պէս անձնաւորութիւն մը եւ առաջնորդ մը ունեցած ենք մեր թեմին մէջ, վայելած ենք անոր աւելի քան քառասուն տարիներու ծառայութիւնը. մեծապէս երախտապարտ ենք իրեն, թեմիս բարգաւաճման ու զարգացման մէջ ունեցած ներդրումին, ինչպէս նաեւ ծխական համայնքի կենսաւորման համար», ըսաւ առաջնորդը՝ ընդգծելով, որ ան իր ետին կը թողու հսկայական ժառանգութիւն մը եւ աւանդ մը, որոնք պիտի մնան անմոռանալի։
«Իր քաղցր յիշատակներուն պէս, իր ազդեցութիւնն ալ պիտի մնայ անկորնչելի», եզրափակեց առաջնորդը։
Դպրաց դասի «Ողջոյն տուք միմեանց» երգեցողութեան ժամանակ, հոգեւորականաց դասու անդամները, նուիրապետական կարգով եւ յուզումնախառն զգացումներով, վախճանեալ Սմբատ սրբազանէն ստանալու համար վերջին ողջոյնը, բարձրացան սուրբ խորան եւ երկիւղածութեամբ համբուրեցին անոր օծեալ ճակատն ու աջը։ Ապա քահանայ հայրեր զգուշութեամբ եւ երկիւղածութեամբ վախճանեալ սրբազանը իր դագաղով զետեղեցին եկեղեցւոյ ատեանին մէջ եւ առիթ տրուեցաւ հաւատացեալներուն մօտենալու՝ իրենց վերջին յարգանքը մատուցանելով վախճանեալ սրբազանին, ստանալով անոր վերջին օրհնութիւնը։
Յաւարտ սուրբ պատարագին, հանգուցեալ սրբազանին եպիսկոպոսական հանդերձանքները փոխարինուեցան վանականի սեւաթոյր վերարկու-վեղար-փիլոնով եւ աղօթքներու ու շարականներու երգեցողութեամբ, եկեղեցականաց ու դպրաց թափօրը եկեղեցիէն դուրս գալով՝ գերեզմանի թաղման արարողութիւնը կատարելու համար յառաջացաւ դէպի եկեղեցւոյ կողքին յատուկ կերպով փորուած եւ պատրաստուած հողակոյտը՝ հանգուցեալ սրբազանին անշնչացած մարմինը ամփոփելու։ Առաջնորդ սրբազանին արտասանած հողի օրհնութեան աղօթքէն եւ գերեզմանի կնքումէն ետք, եկեղեցականներ հողով ծածկեցին գերեզմանը։ Լուսահոգի Սմբատ սրբազանի թարմ շիրիմին շուրջ համախմբուած սգակիր ժողովուրդը երգեց «Կիլիկիա» մաղթերգը։
Ապա, ներկաներ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգաբարձութեան կողմէ հրաւիրուեցան «Բաղրամեան» սրահ, ի յարգանս հանգուցեալ Սմբատ սրբազանի հոգւոյ խաղաղութեան համար կազմակերպուած հոգեճաշին։
Տէրունական աղօթքէն՝ «Հայր մեր»էն, եւ ննջեցելոց հոգւոց խաղաղութեան համար արտասանուած յատուկ աղօթքէ եւ հոգեճաշի օրհնութենէն ետք, Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգաբարձութեան ատենապետ եւ հոգեճաշի հանդիսավարը՝ տոքթ. Յակոբ Տիգրանեանը, բեմ հրաւիրեց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք Չօլոյեանը՝ սրտին խօսքը արտասանելու։ Օշական սրբազանը անդրադարձաւ հոգելոյս Սմբատ սրբազանին նկարագրի պարզութեան, բարութեան, հոգեւոր արժէքներուն ու յատկապէս աստուածաշնչական ճշմարտութիւններուն, Քրիստոսի եւ քրիստոնէական ուսուցումներուն հանդէպ անոր անմնացորդ նուիրուածութեան ու հաւատքին։ Ո՛չ միայն հաւատաց, ըսաւ Օշական սրբազան, այլեւ ապրեցաւ, քարոզեց, վարդապետեց եւ ամբողջ կեանք մը զոհաբերեց Աստուծոյ։
Ցաւակցական գիր մը հասած էր Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանի տնօրէն տոքթ. Փօլ Հայտոսթեանէն, որ կը նշէր, թէ համալսարանը, իր հիմնադրութեան 55րդ տարեդարձին առիթով նախատեսուած հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենայ, քանի մը ամիս ետք, կը ծրագրէր պատուել հոգելոյս սրբազանը, որ համալսարանի առաջին շրջանաւարտներէն էր։ Գնահատագիր-ցաւակցական մը հասած էր նաեւ պետական երեսփոխան Քերըլ Լուէն։
Լուսահոգի սրբազանին կեանքին կարեւոր հանգրուաններուն եւ անոր հոգեւոր գործունէութեան մասին լուսապատճէնի կարճ ներկայացումէն առաջ, խօսք առին Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Վաչէ արք. Յովսէփեան, ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժան Գոսաքեան, ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեան, ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչ Լեւոն Կիրակոսեան, եւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի տիկնանց միութեան ներկայացուցիչ Քնար Պաղտասարեան, որոնք ցաւ յայտնեցին ու վշտակցեցան լուսահոգի Սմբատ սրբազանի վախճանման առիթով։ Անոնք ցաւակցութիւն յայտնեցին վեհափառին, առաջնորդին եւ հոգեւորականաց դասուն։
Առաջնորդին եւ ազգային վարչութեան տնօրինումով, եւ գործակցութեամբ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգաբարձութեան, հոգելոյս Սմբատ արք. Լափաճեանի յիշատակը յաւերժացնելու նպատակաւ հիմնադրամ մը հաստատուած է «Գերշ. Տ. Սմբատ Ս. Արք. Լափաճեան» անունով։
Լոյս մշտնջենի լուսահոգի Սմբատ արք. Լափաճեանի հոգւոյն։
Խունկ ու աղօթք եւ երկնային հանգիստ՝ անոր յոգնաբեկ աճիւններուն։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։