ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինի անդամները Հինգշաբթի, Յուլիս 30ի երեկոյեան Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցան Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարին հետ՝ անոր պարզելով պատրիարքական ընտրութեան հարցին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներու մասին իրենց խնդրանքները։
Ուրբաթ օր, իրաւագէտ Սեդրակ Տավուտհան տեղեկացուցած է, թէ նախաձեռնարկ մարմինէն վեց ներկայացուցիչներ՝ ատենապետ Լեւոն Գուզիկօղլու, Օննիկ Նալպանտղազար, Կարպիս Տուրասլան, Համիտ Թանըշման, Սեպուհ Ասլանկիլ եւ Սեդրակ Տավուտհան, ընդունուած են նախարար Պեշիր Աթալայի կողմէ։ Մօտաւորապէս կէս ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, անոնք պարզած են իրենց այցելութեան նպատակը, շնորհակալութիւն յայտնած են ընդունելութեան համար, ապա ըսած են, որ Մեսրոպ պատրիարքի անդարմանելի հիւանդութեան պատճառով, նոր պատրիարք մը ընտրելու պահանջք մը ստեղծուած էր, եւ թէ համայնքային հաստատութիւններու ու Կրօնական ժողովին կողմէ կայացած հաւաքին ընթացքին որոշուած էր ընթացք տալ նոր պատրիարքի մը ընտրութեան գործընթացին։ Այս նպատակին համար կազմուած էր ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմին մը ու կը պահանջուէր, որ պատրիարքական ընտրութեան արտօնութիւն տրուէր 1961, 1990 եւ 1998 թուականներուն նախարարաց խորհուրդին կողմէ պատրաստուած եւ իրագործուած կանոնագրութիւններուն եւ հրամանագիրներուն զուգահեռ կերպով։ Ուստի, նախաձեռնարկ մարմինը զարմանքով դիմաւորած էր կուսակալութենէն եկած այն յանձնարարութիւնը, որով կ՛արտօնուէր պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի մը ընտրութիւնը։
Անոնք ըսած են, որ այս վերջինը հիասթափութիւն յառաջացուցած է համայնքէն ներս. ժողովուրդին կամքը չէ՛ ասիկա, քանի որ Աթոռի պատմութեան մէջ չկայ ընդհանուր փոխանորդի ընտրութիւն, եւ ժողովուրդը կ՛ուզէ ունենալ իր պատրիարքը։ Նախաձեռնարկ մարմինին անդամները պատրաստած էին յատուկ թղթածրար մը, զոր յանձնուած է նախարար Աթալայի։
Նախարարը, իր կարգին ըսած է, որ կառավարութեան համար կարեւոր է միջամուխ չըլլալ տարբեր կրօնքի պատկանող հաւաքականութիւններու ներքին գործերուն. կառավարութիւնը կը փափաքի, որ համայնքը միասնական ոգիով խաղաղ ու երջանիկ կեանք ապրի։ Նախարարը դիտել տուած է նաեւ, որ կառավարութիւնը այն կարծիքն ունեցած էր, թէ կուսակալութեան միջնորդութեամբ առաջարկուած լուծումը գոհացուցիչ պիտի նկատուի համայնքին կողմէ, սակայն յայտնի դարձաւ, որ ընդհանուր փոխանորդի մասին առաջարկը գոհացուցիչ չէ եղած հայ համայնքին համար։
Նախարարը ժողովի հրաւիրած է նաեւ իր օգնական Զեքերիա Շարպաքը, որ մասնակցած է արժեւորումներուն։ Աթալայ յայտնած է, թէ թղթածրարը պիտի քննարկուի եւ վերստին պիտի ուսումնասիրուի պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ ստեղծուած կացութիւնը։
Նախաձեռնարկ մարմինի անդամները շնորհակալութիւն յայտնած են նախարարին, ապա կէս ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցած են նաեւ Զեքերիա Շարպաքի հետ՝ քննելով նոյն հարցերն ու մտահոգութիւնները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.