
ՓԱՐԱՄՈՒՍ, Նիւ Ճըրզի.- Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (AMAA) կը տեղեկացնէ, թէ 2010-2011 տարեշրջանին համար կրթանպաստներ ստանալու նպատակով 63 դիմումներ ստացած է համալսարանական ուսանողներէ, եւ որոշած է 56 ուսանողներու յատկացնել 1000էն 5000 տոլարի կրթանպաստներ, որոնց ընդհանուր գումարը 120,000 տոլարի կը հասնի:
Ընկերակցութիւնը նաեւ որոշած է 15,000 տոլարի յատկացումներ կատարել Հայաստանի մէջ ուսանողներու (200էն 600 տոլար իւրաքանչիւր ուսանողի), նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ հոն բարձրագոյն ուսման ծախսերը համեմատաբար շատ աւելի նուազ են:
Վերջին 90 տարիներու ընթացքին, Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը կրթանպաստներ յատկացուցած է հարիւրաւոր համալսարանական ուսանողներու, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական վարժարաններու հազարաւոր աշակերտներու: Ուղղակի օժանդակութիւններ կը տրամադրուին նաեւ Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանին, Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական վարժարանին (NEST) եւ Երեւանի աստուածաբանական վարժարանին:
Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը կը յիշեցնէ, թէ 2011-2012 տարեշրջանին համար կրթանպաստները տրամադրելի պիտի ըլլան յառաջիկայ Յունուարին, իսկ դիմումնագիրները ներկայացնելու պայմանաժամը Մայիս 1, 2011ն է:
Դիմումնագիրներ ստանալու համար, կարելի է դիմել 31 West Century Road, Paramus, NJ 07652 հասցէին, (201) 265-2607 եւ (201) 745-7496 թիւերուն, կամ (201) 265-6015 հեռապատճէնի թիւին: