
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպած է միջնադարեան Հայաստանի նկարազարդուած ձեռագիրներու նուիրուած դասախօսական ձեռնարկ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Օգոստոս 8ին, կ.ե. ժամը 1ին:
Օրուան բանախօսն է Երեւանի պետական համալսարանի «Եունեսքօ»ի հայ արուեստի պատմութեան ամպիոնի տնօրէն փրոֆ. Լեւոն Չուքասզեան:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան թեմի Ազգ. առաջնորդարանի սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 6252 Honolulu Ave., La Crecenta:
Դասախօսական սոյն ձեռնարկին մուտքը ազատ է: