
Գիւմրիի մէջ շարունակուող ՀԵԴի Երիտասարդական ջոկատներու ծրագիրին մասնակից խորհրդատուներէն Սանան Շիրինեան իր Յուլիս 29ի համացանցային օրագիրին մէջ գրած է Հայաստանի կացութեան եւ ճամբարներուն մասին իր տպաւորութիւնները:
Ան կը նշէ, թէ նախ որոշած է գրել խորհրդատուներու խումբը հիւրընկալող ընտանիքին երկու դուստրերու մասին, որոնք ամուսնութեան պիտի տրուին յարմար փեսացուիի մը (նկատի ունենալով, որ աւելի ազատականացած երկիրներու մէջ տղայ-աղջիկ բարեկամութեան ընտրանքը ընդունելի չէ), եւ կամ մօտակայ կիսաւեր բնակարանի մը մէջ ապրող կնոջ մասին, սակայն աւելի ուշ որոշած է գրել ճամբարին մասնակցող երեխաներուն ու քաղաքին մասին:
Ան կը գրէ, թէ հետաքրքրական գտած է տղոց զայրոյթը, երբ անոնց ըսուած է, թէ իրենց հետ ոտնագնդակ պիտի խաղան նաեւ երկու աղջիկներ, ու միաժամանակ մտահոգիչ կը գտնէ այն իրողութիւնը, որ իրենց ըսուած է առանձին փողոց չելլել արեւամարէն ետք, որովհետեւ քաղաքը այդ ժամէն ետք կը վերածուի շատ վտանգաւոր վայրի մը, ուր կրնան գողութեան ենթարկուիլ, բռնաբարուիլ կամ նոյնիսկ սպաննուիլ: «Նման բաներ հետաքրքրութիւնս կը գրաւեն, նկատի ունենալով, որ բնաւորութեամբ յոռետես եմ», կ՛աւելցնէ ան:
«Սակայն Չորեքշաբթի օր (Յուլիս 28) յատուկ օր էր: Երկար օր մը ունենալէ ետք, Երիտասարդական ջոկատներու խումբը ու 85 երեխաները Գիւմրիի փողոցներէն քալեցին՝ ՀՅԴի դրօշակները ձեռքերնիս ու «Մշակ բանուոր»ը երգելով, հասնելու համար եկեղեցի, ուր տեղի պիտի ունենար Լիզպոնի մէջ նահատակուած հինգ հայ հերոսներուն յիշատակին կազմակերպուած հսկումի արարողութիւնը: Այսօր իւրայատուկ էր, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով տեսայ, լսեցի ու զգացի քաղաքին վրայ մեր ազդեցութեանց արդիւնքը: Երբ անցորդներուն կ՛ըսէինք, թէ մենք Լոս Անճելըսէն խումբ մը դաշնակցական երիտասարդներ ենք, որ տեղացի երեխաներու համար անվճար ճամբարներ կ՛իրականացնենք, անոնք իսկապէս կը զարմանային ու «վա՜յ, ապրէ՛ք» կ՛ըսէին՝ իրենց գլուխը հաւանութեամբ շարժելով», կը գրէ Սանան:
Ան կ՛եզրակացնէ գրելով, թէ հակառակ բոլոր դժուարութեանց, յամեցող զեղծարարութեանց եւ «անտանելի ու զզուեցնող» կացութիւններուն, «կամքը եւ ուժը ունինք» վիճակը փոխելու: