ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիա անցեալ շաբաթ ընդարձակած է երկրին գաղտնի սպասարկութեան լիազօրութիւնները, քայլ մը, որ ըստ քննադատներուն, կրնայ օգտագործուիլ ցոյցերը արգելակելու եւ կառավարութեան ընդդիմախօսները ճնշելու նպատակով։
Նոր օրէնքը կ՛արտօնէ դաշնակցային ապահովութեան ծառայութեան ձերբակալել անձեր, որոնց շուրջ Ռուսիոյ ապահովութեան դէմ ոճիրներ պատրաստելու կասկածներ գոյութիւն ունին։ Օրէնքը կը ներկայացուի իբրեւ ծայրայեղութեան դէմ պայքարելու ջանք մը։ Օրինագիծը ռուս երեսփոխաններու ներկայացուցեաւ Ապրիլին, Մոսկուայի մէջ քառասուն զոհ պատճառած ականահարումէն ետք։
Օրէնքի կարգ մը յօդուածները, ընդդիմութեան եւ մինչեւ իսկ Քրեմլինի կողմնակիցներուն կողմէ քննադատուելէ ետք, վերացուեցան կամ մեղմացուեցան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.