ՊՈԼԻՍ, «Վաթան».- Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 20 պատգամաւոր ունեցող քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը թրքաբնակ քիւրտերուն կոչ ըրած է չմասնակցելու երկրի սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ նախատեսող կառավարութեան մշակած ծրագիրին շուրջ կայանալիք հանրաքուէին, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 12ին:
Կուսակցութիւնը յայտարարած է, թէ Թուրքիա պէտք ունի նոր եւ ժողովրդավարական սահմանադրութեան մը, ուր «քիւրտերուն պահանջները չեն անտեսուիր»:
Կուսակցութեան երեսփոխաններէն Հասիպ Քապլան նաեւ յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչէփ Թայիփ Էրտողան քրտական հարցը լուծելու փոխարէն, քիւրտերուն դէմ պայքարող նոր բանակ կը ստեղծէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.