ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ծաղկաձորի մէջ, Օգոստոս 13-17ի միջեւ պիտի կայանայ համահայկական կրթական 4րդ խորհրդաժողովը, որուն պիտի մասնակցին 100 հոգի Սփիւռքէն եւ 50՝ Հայաստանէն: Ըստ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Սփիւռքի հետ կապերու բաժնի գլխաւոր մասնագէտ Թամարա Զալինեանի՝ խորհրդաժողովին պիտի քննարկուին ուսումնական նիւթերուն առնչուող հարցեր, պիտի ներկայացուին նոր ուսումնական նիւթեր, առկայ խնդիրներուն վերաբերեալ պիտի կատարուի խմբային աշխատանք, պիտի ծաւալին վերապատրաստման լրացուցիչ կրթութեան կազմակերպման եւ շարք մը այլ հարցերու վերաբերեալ բաց քննարկումներ:
«Այս քննարկումների արդիւնքում շատ բան պարզ կը դառնայ եւ բազմաթիւ հարցեր կը գտնեն իրենց պատասխանները», ըսած է Թ. Զալինեան՝ նշելով, որ խորհրդաժողովին իբրեւ արդիւնք՝ 2 տարիով կը ձեւակերպուին ծրագիրներ եւ անոնց իրականացման ուղղութեամբ կը տարուին աշխատանքներ: Անոր հաւաստումով՝ այդ եւ շարք մը այլ ծրագրերու շնորհիւ՝ Սփիւռքի մէջ կ՛ունենանք հայու ինքնագիտակցութեամբ սերունդ։
Խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին դասագիրք ստեղծած եւ սփիւռքի մէջ ընելիք ունեցող հայաստանեան մասնագէտներ եւ սփիւռքահայ համայնքներու կրթական պատասխանատուներ, ուսուցիչներ, ուսումնական եւ թեմական խորհուրդներու ներկայացուցիչները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.