ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.», «Արմէնփրէս».- Երեքշաբթի, Օգոստոս 10ին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անգամ մը եւս սպառնաց զինուորական միջոցներու դիմել, եթէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը խաղաղօրէն լուծելու փորձերը շարունակուին ձգձգուիլ:
Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց երկրին սահմանապահ ուժերուն առջեւ ելոյթի մը ընթացքին:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի մէջ շարք մը լրատուական միջոցներ, Երեքշաբթի օր, տեղեկութիւններ հրապարակած են Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած հայ զինուորներու մասին եւ կարգ մը կայքերու վրայ տեղադրած են անոնց լուսանկարները:
Հայաստանի պաշտանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերի վարչութիւնը դատապարտեց ակնյայտ քարոզչական նպատակներով այդ տեղեկութիւնները օգտագործելու Պաքուի այս քայլը եւ շեշտեց, թէ Ատրպէյճան «հերթական անգամ կոպտօրէն խախտել է միջազգային մարդկային իրաւունքի հանրաճանաչ չափանիշերը, մասնաւորապէս, 1949թ. Օգոստոսի 12ին Ժընեւի երրորդ եւ չորրորդ դաշինքների, համապատասխանաբար, 13րդ եւ 27րդ յօդուածներում ամրագրուած դրոյթները, որոնք սահմանում են, որ «հովանաւորուող կամ պահպանութեան տակ գտնուող անձինք պէտք է մշտապէս պաշտպանուած լինեն հասարակութեան հետաքրքրասիրութիւնից»:
«Հետեւաբար, ատրպեճանական կողմը պէտք է զերծ մնար նշուած անձանց՝ հասարակութեան ուշադրութեանը ներկայացնելուց եւ կանխէր լուսանկարներու տեղադրումը», շեշտեց նախարարութիւնը, կոչ ընելով միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններուն եւ յատկապէս Կարմիր խաչին, որ ուշադրութիւն դարձնեն Պաքուի վրայ, ակնկալելով այդ կառոյցներու պատշաճ արձագանգը Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային օրէնքներու խախտումներուն վերաբերեալ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.