
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Աղրը (Արարատ) նահանգի առեւտրարդիւնաբերական պալատի նախագահ Մեհմետ Էրաթ կոշտ յայտարարութիւն մը կատարած է օրեր առաջ հայկական արշաւախումբի մը Արարատ լեռ բարձրանալուն առնչութեամբ։ Էրաթ յայտարարած է, թէ արշաւախումբի Արարատ լեռ բարձրանալու առնչութեամբ տարածուած տեղեկութիւնները անհիմն են, ապա, ըսած. «Սակայն եթէ նման բան կայ, ապա աղրըցիները իրենց մտահոգութիւնը կը յայտնեն։ Մենք կ՛ուզենք հաւատալ, որ այդ պնդումները անհիմն են։ Իսկ եթէ այդ տեղեկութիւնները կ՛արտացոլացնեն իրականութիւնը, մենք լաւ գիտենք ինչպէս իջեցնել Հայստանի դրօշը եւ բարձրացնել Թուրքիոյ դրօշը Արարատ լերան վրայ, Հայաստանի կողմը», յայտարարած է Էրաթ։
Ան աւելցուցած է, որ «եթէ աղրըցիները տեղեակ ըլլային այդ մասին, այդ լեռնագնացները կը թաղէին Արարատ լերան վրայ»։
Օրեր առաջ Հարաւային Քալիֆորնիայէն, Նիւ Ճըրզիէն, Գանատայէն եւ Ֆրեզնոյէն 11 հայեր «Արարատ 11» խումբը ձեւաւորելով բարձրացած էին Արարատի գագաթը եւ այդտեղ բարձրացուցած Հայաստանի եւ Արցախի պետական դրօշակները։
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Աղրըի նահանգապետարանը հետաքննութեան սկսած է բացայայտելու համար, թէ 11 սփիւռքահայերը ո՞ւր մնացած են եւ ո՞վ անոնց մինչեւ Արարատի գագաթ ուղեկցած է։
Թրքական մամուլը զայրացած է այն փաստէն, որ սփիւռքահայերը նշած են, որ իրենք առանց թոյլտուութեան բարձրացած են Արարատ լեռը, քանի որ նախօրօք ստացած թոյլտուութիւնը Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը չեղեալ համարած է:
Լեռնագնացները Վրաստանի սահմանային դռնէն Թուրքիա մուտք գործած են։ Մաքսային պաշտօնեայ մը հարցուցած է, թէ ինչո՞ւ եկած էին, անոնք ըսած են, որ Արարատը պիտի մագլցին։ Պաշտօնեան նայած է անոնցմէ մէկուն, որ սպիտակահեր էր ու հարցուցած. «Այս պարո՞նն ալ լեռ պիտի մագլցի»։ Վաչէ Սողոմոնեան անունով այդ հայը ըսած է, որ պաշտօնեան շատ լաւ վերաբերում ցոյց տուած էր իրեն։
Խումբը լեռ մագլցելու արտօնութիւն ստացած է Յուլիս 15ին։ Երկրորդ գիշերը լեռնագնացները դէմ յանդիման գտնուած են ձիւնի ու ցուրտի ծանր պայմաններու, ուղեցոյցները մերժած են շարունակել, բայց խումբի լեռնագնացները շարունակած են մագլցիլ։ Խումբէն Սեդ Սեդրակեան բարձրութեան հիւանդութեան բռնուած է ու իրեն յանձնարարուած է վար իջնել ու ապահով տեղ մը իրենց վերադարձին սպասել, սկայն Սեդրակեան պատասխանած է, որ հայու մը համար մեռնելու լաւագոյն տեղը Արարատն է։