«ԱԶԴԱԿ»
Դաշնակցութեան վերահայրենացումը քսանամեայ ճանապարհ կտրած է արդէն։ Հեզասահ, հանգիստ ճանապարհ չէ ի հարկէ անիկա։ Լի՝ դժուարութիւններով, հալածանքներով, ձերբակալութիւններով, կասեցումներով եւ բանտարկութիւններով այդ ճանապարհը ինքնաբիւրեղացման տանող երթն էր Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան, որ ինքնակամ իր վրայ վերցուց մեր կուսակցութեան ղարաբաղեան ազատամարտին գործնական մասնակցութեան, Հայաստանի պետականութեան հզօրացման եւ ժողովրդային զանգուածներուն հասանելի դառնալու դժուարին աշխատանքները համակարգելու ընդհանուր պատասխանատուութիւնը։
Քսանամեայ այս կենսափորձի կուտակման ընթացքին անշուշտ եղան վրէպներ, բացթողումներ, թերի աշխատանքներ։ Այդ բոլորին մասին հրապարակաւ արտայայտուած է ինքը՝ Հայաստանի մեր կազմակերպութիւնը։ Ատով իսկ, առանց որեւէ բարդոյթի իր համակիր զանգուածին հետ իր դժուարութիւնները կիսելու եւ մանաւանդ հայրենիքին ու անկախ պետականութեան լիարժէք եւ արդիւնաւէտ ծառայելու ճիշդ ուղիները միասնաբար գտնելու նպատակով։
Այդ բոլորին առընթեր, սակայն, հսկայական է այն ներդրումը, որ ունեցաւ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ երկրին համար քաղաքական նորարար մշակոյթի ձեւաւորման, կառավարման ժողովրդավար եղանակներու հաստատման, քաղաքացիական առողջ հասարակարգի կայացման աշխատանքներուն մէջ։
Իրաւամբ, Հայաստանի կազմակերպութիւնը առաջին օրէն իսկ յայտնուած էր Դաշնակցութեան աշխարհատարած կառոյցներու ուշադրութեան կիզակէտին։ Հայաստանակեդրոնութիւնը մեր կուսակցութեան գործունէութեան առանցքը պիտի դառնար այնուհետեւ ոչ միայն իբրեւ գաղափարախօսութիւն, դաւանանք, այլ մանաւանդ՝ իբրեւ գոյութեան իմաստի առանցք։
«Դէպի Երկիր»էն ետք, առաւել զսպանակուած էին բոլոր գաղութներու մեր աշխատանքները, առաւել թափ ստացած էին Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան առողջ դրսեւորումները, կամ աշխուժացած՝ ամէն մարզի մէջ հայրենիքին սատար կանգնելու հաւաքական գործերը։ Մարմին առած էր փաստօրէն հայկական աշխարհ հասկացողութիւնը՝ կեդրոն ունենալով Հայաստանի Հանրապետութիւնը։
Դժուար պիտի ըլլար պատկերացնելը այսօր մեր աշխարհատարած կառոյցներուն գործունէութիւնը՝ առանց Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան։ Այսօրուան պայմաններուն մէջ անկախ Հայաստանի տարածքին ՀՅԴի ծաւալած գործունէութիւնը համակած է ամբողջ կուսակցութիւնն ու իր համակիր զանգուածները։
Մեր կուսակցութեան հայաստանեան գործունէութիւնը պիտի շարունակէ մնալ մեր աշխատանքներուն կիզակէտը, մագնիսացնող կեդրոնը։ Այդ բոլորին նպատակը այսօրուան մեր երկրին հզօրացումն է, բարգաւաճումը, մեր հայրենաբնակ համրանքին տնտեսական բարելաւումը, արժանապատիւ կենցաղը, ժողովրդավար կարգերը, արդարութիւնը, քաղաքացիական առողջ հասարակարգը, արդար ընտրութիւններով իշխանութեան ձեւաւորումն ու քաղաքակիրթ եւ կառուցողական ընդդիմութիւնը, բազմակուսակցական համակարգն ու բազմակարծութեան յարգումը։
Այս բոլորը գործունէութեան ուղենիշները կազմած են ու կը շարունակեն կազմել Հայաստանի դաշնակցական կազմակերպութեան։ Ասոնք համայն Դաշնակցութեան գործունէութեան ուղենիշներն են։ ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութիւնը առաջատարն է այս ուղենիշներու իրականացման գործին մէջ։ Անոնց իրականացումովն է, որ կը կերտուի հզօր Հայաստանի հանրապետութիւնը, մեր բոլոր նպատակներուն իրագործման անփոխարինելի երաշխիքը։