ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
4 Օգոստոս 1922ին, Թուրքեստանի մէջ իր արդար պատիժը կրեց տխրահռչակ Էնվեր փաշան՝ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներուն ամէնէն մոլեռանդը։
Իսմայիլ Էնվեր 27ամեայ երիտասարդ թուրք սպայ մըն էր 1908ին, երբ իթթիհատական իր դասակիցներուն հետ գլխաւորեց սուլթան Համիտի բռնատիրութեան դէմ ծաւալած թուրք բանակայիններու յեղաշրջումը, որ յաղթական աւարտ ունեցաւ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումով։ Իսմայիլ Էնվեր արագօրէն գրաւեց նորահաստատ իշխանութեան առաջին դիրքերը՝ իբրեւ զինուորական եւ պատերազմի նախարար, նախ Էնվեր պէյ եւ ապա Էնվեր փաշա տիտղոսով հռչակուելով։
Էնվերի զինուորական ասպարէզը յատկանշուեցաւ չարաչար պարտութիւններով՝ սկսելով 1913ի Պալքանեան մեծ պատերազմի ընթացքին իր հրամանատարութեան տակ թրքական բանակին կրած անփառունակ պարտութեամբ։
Նոյնը եղաւ Առաջին Աշխարհամարտի տեւողութեան, երբ Էնվերի պատերազմի նախարարութեան օրօք թրքական զօրքերը ջախջախիչ պարտութիւններ կրեցին բոլոր ռազմաճակատներուն վրայ։ Զինուորականի միեւնոյն ձախաւերութիւնը բաժին հանուեցաւ Էնվերի, երբ Օսմանեան Կայսրութեան անձնատուութենէն ետք Էնվեր իր բախտը փորձեց Անդրկովկասի եւ Միջին Ասիոյ մէջ՝ գլխաւորելով համիսլամական եւ համաթրքական «պասմաճիներ»ու ապստամբական շարժումը կարմիր բանակայիններու հետ, հակառակ անոր որ կարճ ժամանակի համար Էնվեր գլխաւոր դարբինը եղած էր Լենինի Ռուսաստանի հետ թրքական եւ իսլամական զինակցութեան։
Զինուորական գործիչի իր ձախողութիւնը թերեւս պատճառներէն մէկն էր Էնվեր քաղաքական գործիչի ծայրայեղ մոլեռանդութեան եւ ջարդարար վայրագութեան։ Էնվերի կը վերագրուի այն յոխորտանքը, թէ՝ «առանց մէկ իսկ թուրք զինուորի կորուստի, ես ոչնչացուցի թրքութեան թշնամի հայերուն»… Իսկ Մարթին Կիլման Ուոլքոթ, «Չարոգի 100ը» խորագրով իր գործին մէջ ներառնելով Էնվերը, անոր կը վերագրէ հետեւեալ յայտարարութիւնը.– »Օսմանեան Կայսրութիւնը պէտք է մաքրագործուի հայերէն եւ լիբանանցիներէն։ Առաջինները մենք կործանեցինք սուրով, իսկ վերջինները պիտի կործանենք սովահար ընելով»։ Փաստօրէն Ռազմական նախարարէ աւելի ժողովուրդներու դահիճ դարձաւ էնվեր՝ Ճեմալի եւ Պեհաէտտին Շաքիրի հետ։ Իսկ երբ Առաջին Աշխարհամարտը վերջ գտաւ թուրքերու ջախջախիչ պարտութեամբ, Էնվեր իր կարգին փախուստ տուաւ դէպի Գերմանիա, ուր ծպտուած ապրեցաւ մինչեւ ի բացակայութեան մահապատիժի դատավճիռ ստանալը՝ Պոլսոյ զինուորական յատուկ ատեանին կողմէ, որ դատեց իթթիհատական պարագլուխներու գործած պատերազմական ոճիրները։ Այնուհետեւ, խուսափելու համար արդար դատաստանէ, Էնվեր ձեռնարկեց նոր արկածախնդրութեան՝ յայտնուելով Անդրկովկասի եւ Միջին Ասիոյ մէջ, իբրեւ դրօշակիրը համիսլամական եւ համաթրքական շարժումին։
Աւելի քան երկու տարի Էնվեր եռանդուն գործեց այս նոր ճակատին վրայ։ Քեմալականներուն հետ զինակցաբար, համիսլամական զօրքեր կազմեց թրքացեղ ժողովուրդներէն եւ գլխաւորեց «Պասմաճիներ» անունով ծանօթ ազգայնամոլական եւ կրօնամոլական շարժումը, որ խորհրդային կարգերու հաստատման դէմ կատաղի ապստամբութիւն մը եղաւ։
Կարմիր բանակայիններու դէմ «պասմաճի»ներու մղած այդ կռիւներու ընթացքին է, որ 4 Օգոստոս 1922ին, Թուրքեստանի Չաղան Ղշլաղի մէջ, Էնվեր ենթարկուեցաւ մահապատիժի։
Թուրք ցեղասպաններու դէմ Դաշնակցութեան որոշած Նեմեսիս գործողութեան ծիրէն ներս չեղաւ Էնվերի մահապատիժը։ Երկար ժամանակ կարելի չեղաւ ճշգրտել, որ կռուի ընթացքին սպաննուեցա՞ւ, թէ՞ ահաբեկուեցաւ մեծ ջարդարարը։ Բայց 1950ականներէն սկսեալ խորհրդային աղբիւրները սկսան բացայայտել, որ Էնվերի մահապատիժը գործադրեց արցախցի Յակոբ Մելքումով (Թուրքմենստանի առաջին Հիսարեան յատուկ հեծեալ բրիգադի հրամանատարը)։ Նաեւ այդ բացայայտումները յստակացում չբերին ոչ միայն բուն հարցադրումին, որ Էնվեր սպաննուեցա՞ւ, թէ՞ ահաբեկուեցաւ, այլեւ նոյնինքն Յակոբ Մելքումով անձին շուրջ։
Միայն վերջին տարիներուն է, որ Հրաչիկ Յարութիւնեան «Թուրքեստանի Արծիւը» խորագրով իր հրապարակումին մէջ, հայ ժողովուրդին տարրական տեղեկութիւններ փոխանցեց Յակոբ Մելքումովի մասին։
Բերդաձորցի Յակոբ Մելքումեան ծնած է 1887ին, Շուշիի շրջանի Բերդաձորի Մեծ Խերխան գիւղը: Յակոբի հայրը՝ Արշակը, եղած է հմուտ վարպետ, որ 1900-01 թուականներուն, երբ Բերդաձորի գիւղերուն տնտեսական վիճակը սկսած է ծանրանալ, ընտանիքով տեղափոխուած է Պաքու։ Հոնկէ ալ, 1905ի Յունուարին, Արշակ Մելքումեանի ընտանիքը տեղափոխուած է Աշխաբադ։ Յակոբ Մելքումեանը 1905էն ետք, քանի մը տարի, հօր հետ աշխատած է եւ 25 տարեկանին տեղափոխուած է Ռուսաստան ու զինուորագրուած ցարական հեծելազօրքին՝ Պսկով քաղաքին մէջ։ 1917ի Յեղափոխութեան առաջին օրերէն, շատ մը երիտասարդ սպաներու հետ, Յակոբ ինք եւս անցած է յեղափոխութեան կողմը եւ դարձած վախմիստր (հեծելազօրքի աւագ սպայ): Կարճ ժամանակ անց Յակոբ Մելքումեան նշանակուած է հեծելազօր գունդի հրամանատար:
Այնուհետեւ Կարմիր Բանակի յաղթական գործողութեանց մէջ աչքի զարնող հեծելազօրի հրամանատար մը դառնալով՝ Յակոբ Մելքումեան գործած է ռուսաստանեան տարբեր շրջաններու մէջ, մինչեւ որ 1919ին ան ուղարկուած է Թուրքմենական ռազմաճակատ: Մելքումով կը տիրապետէր թուրքմեներէնին եւ ուզբեկերէնին, լաւ ծանօթ էր Միջին Ասիայի տարածքին։ Կը նշանակուի «առաջին Թուրքմենական հեծեալ դիվիզիայի առաջին բրիգադի հրամանատար»:
1920ին Մելքումով զօրաբաժինը յաղթական մարտեր կը մղէ Սամարղանտի՝ Սպիտակ բանակայիններու եւ «պասմաճի»ներու դէմ։ 1920էն 1932 մնալով Միջին Ասիոյ տափաստաններուն մէջ, Մելքումով շատ մարտեր է մղած։ Անոր գլխաւորած բրիգադը մարտնչած է Էմիր Սէյիդ-Ալիմ Խանի, Բուխարայի «պասմաճի»ներու պարագլուխ Իբրահիմ Բեկի, æունայդ խանի աւազակախումբերուն դէմ: Բուխարայի մերձակայքին է, որ «Մելքումովի սրի զոհն է դարձել երիտթուրքերի պարագլուխներից մէկը՝ հայ ժողովրդի դահիճ Էնվեր փաշան: Հենց այդ ժամանակ էլ Մելքումով ասել է. «Ես իմ պարտքը կատարեցի հայ ժողովրդի հանդէպ»:
Դարձեալ նոյն կենսագիրը՝ Հրաչիկ Յարութիւնեան կը վկայէ. «Իսկ ինչպիսի՞ հատուցում է ստացել Յակոբ Մելքումովը վերջում: Հայրենիքին ու հարազատ ժողովրդին անձնուիրաբար ծառայած շատ զաւակների նման՝ նա էլ է ճաշակել յայտնի 1937ի բոլոր դառնութիւնները՝ շուրջ 17 տարի մնալով հեռաւոր Սիբիրի աքսորավայրերում: 1954 թ. նա արդարացուել եւ վերադարձել է Մոսկուա»:
Հայ ժողովուրդի նկատմամբ իր պարտքը կատարած «Քաջ բերդաձորցին կեանքի վերջին երկու տասնամեակն ապրել է Մոսկուայում: Մահացել է 1964 թուականին, հողին է յանձնուած քաղաքի Նովոդեւիչեսկի գերեզմանատանը»։