ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օգոստոս 10ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին՝ ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, պատմաբան Աշոտ Մելքոնեան յայտնած է, թէ Սեւրի պայմանագրի բարձրաձայնումը ամենեւին արկածախնդրութիւն չի նշանակեր: «Թուրքիան մշտապէս վախեցել է Սեւրի դաշնագրից եւ Արեւմուտքը մշտապէս այդ հանգամանքն օգտագործել է», ըսած է պատմաբանը, ըստ որուն, տարբեր երկիրներ՝ Թուրքիոյ հետ խնդիրներ ճշդելու պարագային, անմիջապէս կը յիշեցնեն 1920ի Օգոստոս 10ը:
«Դաշնագրի վաւերացման բացակայութիւնը ամենեւին չի նշանակում, որ այդ իրաւական փաստաթուղթը դարձել է առ ոչին»չ, ընդգծած է պատմաբանը եւ աւելցուցած, որ չնայած Արեւմուտքը տէր չէ կանգնած Սեւրի դաշնագրին, սակայն պատեհ առիթի պարագային կրնայ այդ փաստաթուղթը օգտագործուիլ, եւ որուն մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք:
«Սեւրի դաշնագիրը միջազգային դատ էր Թուրքիայի նկատմամբ, այլ հարց է, այն կեանքի չկոչուեց: Սակայն այն զարգացումները, որոնք որ նկատում ենք թուրքական հասարակութեան մէջ, վկայում են, որ մի օր անպայմանօրէն Սեւրի դաշնագիրը՝ որպէս միջազգային փաստաթուղթ, նորից կը յայտնուի մեծ տէրութիւնների սեղաններին», շեշտած է Աշոտ Մելքոնեան ու յայտնած, որ այդ պայմանագրով վերջապէս կ՝արձանագրուէր շատ ժողովուրդներու համար բանտ դարձած պետութեան փլուզումը եւ կը ստեղծուէին նոր աշխարհաքաղաքական իրողութիւններ:
«Հայկական դատի լուծման տեսանկիւնից դա մի իւրայատուկ Նիւրենպերկի նախադէպ էր», ընդգծած է Ա. Մելքոնեան եւ աւելցուցած, որ վերջապէս կը յաղթանակէր արդարութիւնը, Օսմանեան կայսրութեան շատ ժողովուրդներ տէ իւրէ կը դառնային անկախ՝ կը վերականգնուէր պատմական արդարութիւնը:
«1920ի Օգոստոսի 10ին նախապէս պատուիրուած ոսկէ գրչով Հայաստանի պատուիրակութեան նախագահ Աւետիս Ահարոնեանը ստորագրեց այդ բաղձալի պայմանագիրը, որով Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստանում էր կենսապայմաններ՝ ելք դէպի արտաքին աշխարհ, տարածքը դառնում էր 161.000 քառ քլմ.», նշած է Պատմութեան հիմնարկի տնօրէնը:
«Թուրքիան մշտապէս վախեցել է Սեւրի դաշնագրից եւ ԱՄՆը մշտապէս այդ հանգամանքն օգտագործել է՝ Թուրքիայում իր ռազմական բազաները տեղակայելու եւ այլ հարցերում Թուրքիային իր կամքը թելադրելու համար», նկատած է պատմաբանը:
Նշենք, որ նոյն օրը, «Հայազն» երիտասարդներու միաբանութիւնը կազմակերպած է քայլերթ՝ նուիրուած Սեւրի պայմանագրի կնքման 90ամեակին: Մասնակիցները, եռագոյնի եւ Սեւրի պայմանագրով մեզի հասանելիք տարածքներու քարտէսով, նամակներ յանձնած են ՀՀի մէջ գործող Իտալիոյ, Ֆրանսայի, ԱՄՆի դեսպաններուն։
Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, քայլերթի պատասխանատու, «Հայազն» երիտասարդներու միաբանութեան կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արմէն Մկրտչեան նշած է. «Այս ակցիան նուիրուած է Սեւրի պայմանագրի կնքման 90ամեակին: 90 տարի առաջ, հէնց այս օրը, Թուրքիայի պատուիրակը ստորագրեց Սեւրի պայմանագրի տակ՝ ճանաչելով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը մեր պատմական հայրենիքի մի մասի վրայ: Հաւատացած ենք, որ մեծ տէրութիւնների արդարամտութեան շնորհիւ կնքուած այս պայմանագիրը մօտ տարիներին կեանքի կը կոչուի եւ թղթից կը վերածուի գործի: Մենք մեր նամակներով, շնորհակալութիւն ենք յայտնում տուեալ պետութիւններին՝ իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար»:
Նշենք, որ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրուած է 1920 Օգոստոս 10ին Սեւրի մէջ (Փարիզի մօտ), Թուրքիոյ սուլթանական կառավարութեան եւ 1914-18 առաջին համաշխահային պատերազմին յաղթած դաշնակից պետութիւններու (Մեծ Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Ճափոն, Պելճիքա, Յունաստան, Լեհաստան, Փորթուկալ, Ռումանիա, Հայաստան, Չեքոսլովաքիա, սերպերու, խրուաթներու եւ սլովեններու թագաւորութիւն, Հեճազ) միջեւ: Հայաստանի հանրապետութեան անունով պայմանագիրը ստորագրած է Աւետիս Ահարոնեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
It is appropriate time to make some plans for the future and it is time to be happy. I’ve read this post and if I could I wish to suggest you few interesting things or suggestions. Maybe you can write next articles referring to this article. I wish to read more things about it!