ՀԱՄՊՈՒՐԿ.- Գերմանական մամուլը կը գրէ, որ Համպուրկի համալսարանը հրապարակած է զեկոյց մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ Թուրքիոյ բանակը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներու դէմ գործողութիւններուն ընթացքին օգտագործած է քիմիական զէնք եւ զէնքերու արգիլուած տեսակներ։
Գերմանական մամուլը տեղի ունեցածը «գայթակղութիւն» որակելով, կը նշէ, թէ Գերմանիոյ տարբեր քաղաքական ուժեր եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանները կը պահանջեն այս փաստի առնչութեամբ հետաքննութիւն կատարել։
«Տէր Շփիկըլ» օրաթերթը «Թուրքիան քիւրտերը սպաննած է քիմիական զէնքով» խորագրով յօդուածին հետ հրապարակած է 2009ի թրքական բանակի հետ փախումի ժամանակ սպաննուած քիւրտ զինեալներու մասնատուած դիակներու նկարները։
«Պերլինըր Թակեսցայթունկ» օրաթերթը իր էջերուն մէջ հրապարակած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, ուր կը նշուի, թէ Թուրքիան քիմիական զէնքի չօգտագործելու մասին միջազգային ուխտը ստորագրած ըլլալով՝ իրաւունք չունէր քիմիական կամ կենսաբանական զէնք օգտագործելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.