ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անցեալները հրապարակուած էր, որ գանատահայ ու ամերիկահայ լեռնագնացներու խումբ մը Արարատ մագլցեցաւ ու հոն պարզեց Հայաստանի ու Ղարաբաղի դրօշակները։ Այս լուրը հաղորդուեցաւ զգայացունց համեմատութիւններով։ Այնուհետեւ հաղորդուեցաւ նաեւ, որ դատախազութիւնը հարցաքննութեան ձեռնարկեց այս մասին։
«Հիւրրիյէթ»ի մէջ, Մեհմետ Եըլմազ Հինգշաբթի, Օգոստոս 12ին այս մասին հետաքրքրական ու քիչ մըն ալ հեգնական ակնարկ մը ունի։ Ան կը գրէ, որ երբ կարդաց այս լուրը, մտածեց, որ ասիկա այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, թէ հայերը գաղտնօրէն եկեր են ու գրաւեր են Արարատ լեռը։ Բնականաբար այս մասին հարցաքննութիւն մը բացուեր է։
«Մեր երկրին մէջ «հարցաքննութիւն բանալ»ը կախարդական բառ մըն է: Հիմա հաւանաբար խմբակ մը, ուր պիտի գտնուի նաեւ դատախազ մը, պիտի բարձրանայ Աղրըի (Արարատի) կատարը ու պիտի նայի, որ հոն հայկական դրօշակ դրուե՞ր է, թէ ոչ։ Մինչդեռ մէջտեղը այդքան ալ քննադատելի հարց մը չկայ։ Ասիկա լեռնագնացութեան աւանդութիւններէն մէկն է։ Լեռնագնացներու խումբ մը եթէ կարեւոր լերան մը կատարը կարենայ բարձրանալ, հոն «նշան» մը կը թողու. ասիկա դրօշակ ալ կրնայ ըլլալ։ Էվէրէսթի կատարին վրայ ալ կան բազմաթիւ դրօշակներ, որոնց կարգին նաեւ թրքական դրօշակ մը։ Այսինքն, եթէ լերան մը վրայ դրօշակ մը պարզէք, ատիկա չի նշանակեր, որ այդ լեռը այլեւս ձեզի կը պատկանի։ Այս տեսակէտէն անտեղի է խուճապի մատնուիլ։ Դատախազները պէտք չունին մինչեւ գագաթ մագլցելու», կը յանձնարարէ Եըլմազ։
Եըլմազ հետաքրքրական կը համարէ, որ այսքան ուշագրաւ տարազներով ու գոյներով 11 անձեր առանց մէկու մը կողմէ տեսնուելու կրցած են բարձրանալ մինչեւ գագաթ, ուր կարելի չէ երթալ առանց մասնաւոր արտօնութեան։ «Մենք ընդհանրապէս կը գանգատինք, որ բաւականաչափ չենք կրնար հակակշռել Իրանի ու Իրաքի լեռնային շրջանները։ Բայց ի՞նչպէս պիտի բացատրենք, որ մեր երկրին մէջ գտնուող լեռն ալ չենք կրնար հակակշռի տակ պահել», կ՛եզրակացնէ ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.