ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան յայտարարեց, որ դանիական «Ռանտերս» ակումբին մաս կազմող Եուրա Մովսիսեան պաշտօնապէս միացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին։
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան։
Իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայրապետեան ըսաւ. «1994ին Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակութիւն հաստատած Եուրա Մովսիսեան ծնած է Պաքու։ Մեր բոլորին խնդրանքով ան ժամանեց Հայաստան՝ միանալու համար հաւաքականին։ Մեր կարծիքով, Եուրան այն ֆութպոլիստն է, որ կրնայ զօրացնել մեր հաւաքականը։ Հակառակ անոր որ ան առաջարկ կրնար ստանալ մաս կազմելու Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ազգային խումբին, սակայն ան մեր երկրին հաւաքականը ատկէ աւելի բարձր դասեց»։
Մամլոյ ասուլիսին աւարտին Հայրապետեան եւ Մինասեան հաւաքականին 11 թիւը կրող շապիկը յանձնեցին Մովսիսեանին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.