ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 37ամեայ Ալեքսան Բայանդուրեան, «Փիւնիկ»ի աջակցութեամբ եւ ամերիկահայ Վարուժան Ամիրխանեանի հովանաւորութեամբ՝ Օգոստոս 4ին բարձրացած է Արարատ լեռը: Արցախեան ազատամարտի ժամանակ իր ձախ ոտքէն զրկուած Ա. Բայանդուրեան առաջին հաշմանդամն է, որ յաղթահարած է այդ բարձրութիւնը:
Արարատ բարձրանալու երազանքը, երեք տարուան մարզումներէն ու կազմակերպական խնդիրներու յաղթահարումէն ետք՝ Բայանդուրեան վերջապէս իրականացուցած է: 2010 Օգոստոս 4ին Ալեքսան Բայանդուրեան միջազգային արշաւախումբի կազմով հասած է Արարատի գագաթ:
«Տեղեակ չէի, թէ ինչ դժուարութիւնների կարող էի բախուել վերելքի ընթացքում: 4200մ բարձրութիւնից սկսուեցին հիմնական դժուարութիւնները, սակայն թթուածնի պակասը, գլխացաւը յաջողութեամբ յաղթահարեցի: Իմ ուխտն էր մեր բոլոր զոհուած ազատամարտիկների փոխարէն բարձրանալ գագաթ եւ ես հասայ իմ նպատակին: Ափսոս, որ մշուշի պատճառով Հայաստանը տեսնել չստացուեց», Օգոստոս 11ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է Ա. Բայանդուրեան:
Նշենք, որ մինչ օրս մէկ ոտք ունեցող որեւէ մէկը չէր բարձրացած Արարատի գագաթ: Այժմ Ալեքսան Բայանդուրեանի մտադրութիւնները ուղղուած են աւելի բարձր գագաթներու յաղթահարման: Նպատակը Էւերեսթն է: «Անպայման պէտք է լինեմ Էւերեսթի գագաթին: Երեք տարուայ ջանքերից յետոյ բարձրացայ Արարատ: Տեսնենք՝ քանի տարի կը պահանջուի Էւերեսթի գագաթ հասնելու համար», ըսած է ան:
Հայաստանի Պարաողիմպիական կոմիտէի նախագահ, հաշմանդամներու «Փիւնիկ» միութեան ղեկավար Յակոբ Աբրահամեան ամփոփելով ասուլիսը նշած է, որ շատ մարդիկ հաշմանդամութենէ յետոյ կը յուսալքուին: «Պէտք է հասկանալ, որ ոտք կորցնելով կեանքը չի աւարտւում: Պէտք է աքթիւ ապրել», ըսած է ան:
Յակոբ Աբրահմեան բոլոր հաշմանդամներուն, նաեւ լրագրողներուն հրաւիրած է Սեպտեմբեր 21ին մասնակցելու հաշմանդամներու «Փիւնիկ» միութեան աւանդական վերելքին՝ Արագած լեռ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.