ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիա պաշտօնապէս խոստացած է Հայաստանի մէջ կայանալիք ՆԱԹՕի ռազմա-մարդասիրական փորձերուն պատասխանատու յանձնախումբին, թէ թրքական պատուիրակութեան մասնակիցների համար անհրաժեշտ սպառազինութիւնը Հայաստան պիտի ղրկուի Վրաստանի տարածքով:
Ռազմափորձերը պիտի կայանան Սեպտեմբեր 11-17ին, Կոտայքի մարզին մէջ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու ԵԱՀԿ անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական ժողովին յայտարարած էր, որ Թուրքիա պիտի չբանայ Հայաստանի հետ սահմանը ՆԱԹՕի փորձերուն ընթացքին, սակայն միաժամանակ, Թուրքիոյ դիւանագիտական աղբիւրներն ու լրատուամիջոցները կը շարունակեն խօսիլ սահմանի հաւանական բացման մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.