ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի նախագահի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ նախագահ Բակօ Սահակեան Ուրբաթ, Օգոստոս 13ին ընդունած է Հայաստանի հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար Ներսէս Երիցեանն ու փոխնախարար Վահէ Դանիէլեանը:
Կողմերը քննարկած են երկու պետութիւններու տնտեսական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանացած է մարդուժի պատրաստման եւ վերապատրաստման, ժամանակակից գիտարուեստներու ներդրման եւ փորձի փոխանակման հարցերուն:
Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Արցախի փոխվարչապետ, ելեւմտական նախարար Սպարտակ Թէւոսեան եւ տնտեսական զարգացման նախարար Կարէն Եսայեան։
Հանդիպումի աւարտին, կողմերը ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր, ուր ներառուած են մտաւոր սեփականութեան, փոքր ու միջին ձեռնարկութիւններու աջակցութեան, տեղեկատուական ճարտարագիտութեան, առեւտուրի եւ որակի ենթակառուցուածքներու, շուկայի կանոնակարգման, մրցակցային եւ ներդրումային քաղաքականութեան, զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղութիւնները:
Եսայեան նշեց, որ Արցախի տնտեսութիւնը արտասահմանեան շուկային մէջ ճանաչելի դարձնելու միակ ճանապարհը կը հանդիսանայ Հայաստանը, եւ այս տեսակէտէն իրենք յոյս ունին, որ հայաստանեան գործարար միջավայրը իր հնարաւորութիւնները կ՛օգտագործէ Արցախի տնտեսութեան զարգացման համար: Հայաստանը Եւրոմիութեան հետ առեւտուրի բնագաւառին մէջ բանակցութիւններու մէջ է, ինչ որ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ նաեւ Արցախի զարգացման վրայ, աւելցուց Երիցեան:
Նախարարները հանդիպումներ ունեցան նաեւ ԼՂՀ կառավարութեան առընթեր զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Սերգէյ Շահվերդեանի եւ Արցախի պետական համալսարանի դասախօսներու եւ ուսանողներու հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.