ԳԻՒՄՐԻ.- ՀԵԴի Երիտասարդական ջոկատներու ծրագիրին մասնակից խորհրդատուներէն Ալինա Սուքիասեան, Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքին՝ Գիւմրիի մէջ գրած համացանցային օրագիրին մէջ կը խօսի մէկ շաբաթեայ ճամբարներու աւարտին մասնակից պատանիներէն բաժնուելու դժուարութեանց մասին:
Ան կը նշէ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ անցեալին յաճախ ստաձնած է բանակումներու եւ ճամբարներու խորհրդատուի պաշտօն, առաջին անգամ ըլլալով էր, որ ականտես կ՛ըլլար նոյնսիկ ամենաեռանդուն ու «անիշխան» պատանիներու լացին, մէկ շաբաթեայ ճամբարի աւարտին, ինչ որ անակնկալի մատնած է զինք:
Ան կը գրէ, թէ անոնց այս կապուածութիւնը ցոյց կու տայ, թէ պատանիները որքան հանգիստ կը զգային իրենց մօտ, ինչ որ կը հակադրուի անոնց մեծամասնութեան բնակարաններու մէջ տիրող լարուած վիճակին:
Երիտասարդական ջոկատներու ծրագիրին աշխատանքներուն կարելի է հետեւիլ ayfyouthcorps.org համացանցային հասցէով, իսկ անոր աջակցելու համար, կարելի է այցելել ayfyouthcorps.org/support կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.