ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի «today.az» համացանցային լրատուական կայքը կը տեղեկացնէ, թէ երրկին ընդհանուր դատախազութեան գրասենեակը որոշած է ՀՅԴի դէմ բացուելիք դատի մը համար ժողովուրդէն փաստեր հաւաքել, 1918-1920 թուականներուն «հայերու կողմէ գործուած ոճիրներու» կապակցութեամբ:
Կայքէջը կը հաղորդէ, որ գրասենեակը կը շարունակէ «դաշնակցական ուժերու կողմէ Պաքուի, Կուպերնիայի, Կուպայի, Շամախայի եւ Ատրպէյճանի այլ շրջաններու մէջ ատրպէյճանցի քաղաքայիններու զանգուածային սպաննութեանց շուրջ քրէական հարցի հետաքննութիւնը»։
Գրասենեակը իր կոչին մէջ կը յայտնէ, որ հակառակ անցած ժամանակին, գրաւոր փաստաթուղթերու, գիրքերու, գիտական ուսումնասիրութեանց, օրաթերթերու եւ պարբերաթերթերու յօդուածներու, նամակներու, նկարներու, նկարահանուած նիւթերու ներկայացումը կրնայ նպաստել «առարկայական» հետաքննութեան։ Գրասենեակը նաեւ քաղաքացիներուն կոչ կ՛ուղղէ անձամբ ներկայանալ եւ վկայութիւն տալ «1918-1920-ին հայ ազգայնական զինեալ խմբաւորումներու կողմէ գործուած ոճիրներու» մասին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Նախ քան Դաշնակցութեան դեմ անհիմն դատ բանալու,
փաստէցէք ձեր Ատրպէճանի հողային ինքնութիւնը ու անոնը,
որովհետեւ այդ հողամասին պատկանելութիւնը Հայ Ժողովուրդին է,
պատմական օրէն, մանաւանդ 1920 թուականէն առաջ,փոխանակ
ձեր դէրը բերելու միասնաբար թուրքին հետ գործադրելով 1915
Հայոց անմարդկային 1.5 միլեօն ցեղասպանութիւնը կը բերցնեք
Դաշնակցութեան վրայ,որ կը պատկանի Հայ Ժողովուրդին, ինչ կը
վերաբերի արխիւները հաւաքելու ցեղասպան ժողովուրդետ, լաւ
կ’նես Ալիեւ էֆենտի ( յիմարագլուխ ) միջազգային ժողովուրդներու
պատմութիւնը ուսումնասիրէս յետոյ պիտի անդրադարնաս որ
սխալ ես,արդեն Հայ Ազգը մտադիր է իր սէփական հողերը ներկաիս
գրաուած ազերիներու կողմէն ազատգրել Միջազգային Դատարանի
դիմելով ներայրեալ մէր Պաշտելի Նախիջեւանը որ մեր Հայրեն
իքին անբաժան տարածքն է․
Կէցցէ Դաշնակցութիւնը
Կէցցէ Հայ Ժողովուրդը
Հայ ժողովուրդը պէտք է դատ բանայ Ազրպէյճանի դէմ Շուշիի եւ տարբեր շրջաններու մէջ ազերիներու կողմէ գործադրուած ջարդերուն համար 1920 թուականին, նաեւ Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերուն համար : Անշուշտ պէտք չէ մոռնանք նաեւ Նախիջեւանի խաչքարերուն ոչնչացումը ազերիներու կողմէն որ մշակութային ցեղասպանութիւն է: Մեր թշնամիները կ՛աշխատին իսկ մենք ինչ կ՛ընենք?