
Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը ծանօթ մտաւորական, պատմագէտ ու արուեստաբան փրոֆ. Սեդա Տատոյեանի, որ հիւրաբար Լոս Անճելըս կը գտնուի։
Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց յարգելի մտաւորականը, որ ստուար վաստակ ունի գիրի ու համալսարանական կալուածներուն մէջ, եղած է դասախօս «Քոլոմպիա»ի, Միշիկընի, Շիքակոյի, Լոս Անճելըսի եւ Հարվըրտի համալսարաններուն մէջ, հեղինակած է շարք մը հատորներ, նաեւ՝ սերտօրէն գործակցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ, աշխատակցելով «Հասկ»ին։ Խորհրդակցութեան նիւթ եղան ընդհանրապէս հայագիտութեան կալուածին առնչուող հարցեր, մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնելու միջոցները։ Առաջնորդ սրբազանը իր կարգին որոշ տեղեկութիւններ հաղորդեց Ազգ. առաջնորդարանի աշխատանքի ասպարէզներուն մասին, կանգ առնելով նաեւ հայկական վարժարաններու առաքելութեան ու գործունէութեան վրայ։
Հրաժեշտի պահուն, առաջնորդը յուշանուէր մը յանձնեց յարգելի հիւրին։