Համաձայնագիր ՀՅ Դաշնակցութեան Եւ Թրքական Իթթիհատ Վէ Թերաքքի Կուսակցութեան Միջեւ
Ծանօթ է, որ Սուլթան Համիտ Բ.ի օրերուն Օսմանեան կայսրութեան սահմանադրական շարժումը իրականացաւ շնորհիւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ օսմանեան ընդդիմադիր տարրերու գործակցութեան:
Նուազ քան տարի մը ետք, Ապրիլի առաջին օրերուն, տեղի ունեցաւ Ատանայի կոտորածը, որուն զոհ գացին 20-30 հազար անմեղ հայեր: Միաժամանակ, տեղի ունեցաւ հակա-սահմանադրական շարժումը, որ սակայն ձախողեցաւ եւ Իթթիհատ վէ Թերաքքի կուսակցութիւնը իշխանութիւնը ամբողջութեամբ ձեռք առաւ:
Այս օրերուն, յետ երկարատեւ բանակցութիւններու, ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Իթթիհատ կուսակցութեան միջեւ ստորագրուեցաւ գործակցութեան համաձայնագիր մը, որուն թէ՛ հայերէն եւ թէ թրքերէն-օսմաներէն բնագիրները կը գտնուին մեր արխիւներուն մէջ: Առաջինը կը կրէ 1716գ-13 կարգաթիւը, իսկ երկրորդը՝ 1716գ-13ա: Երկու փաստաթուղթերն ալ վերջերս լոյս տեսան «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» շարքի 6րդ հատորին մէջ:
Նշենք, որ այս հատորը կ՛ընդգրկէ 42 փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին Օսմանեան սահմանադրական շարժումին: 18 փաստաթուղթեր ալ կ՛առնչուին Ատանայի Եղեռնին: Հատորը կարելի է ստանալ «Համազգային»ի գրախանութէն (Պէյրութ, Լիբանան), իսկ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ՝ «Սարդարապատ» գրախանութէն (Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա):
Վերոնշեալ համաձայնագրին մասին տեղեկութիւններ կան Կոմսի (Վահան Փափազեան) «Յուշեր»ու Բ. հատորին մէջ: Կոմս ինք Դաշնակցութեան բանագնացներէն էր Իթթիհատի հետ խօսակցութիւններուն, Արմէն Գարոյի հետ եւ, միասնաբար ստորագրած են այդ համաձայնագիրը: Իթթիհատի կողմէ, համաձայնագիրը ստորագրած են երեք հոգի՝ տոքթ. Նազըմ եւ Միտհաթ Շիւքրի. երրորդին ստորագրութիւնը անընթեռնելի է:
——————————————————————————————————
ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԻ ՀԱՅԵՐԷՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
ՇՐՋԱԲԵՐԱԿԱՆ ԻԹԹԻՀԱՏ-ԹԵՐԱԳԳԸ-Ի
ԵՒ ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
Հայրենիքի ազատութիւնը ապահովելու, անոր հողային ու քաղաքական ամբողջութիւնը մշտապէս պահպանելու, կարգ մը անձերու մէջ գոյացած թիւրիմացութիւնները փարատելու եւ օսմանեան տարրերու միջեւ լաւագոյն յարաբերութիւնները հաստատելու նպատակով՝ «Իթթիհատ-Թերագգը» կուսակցութիւնը եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կատարեալ համաձայնութեան եկան հետեւեալ հիմնական կէտերուն մասին.
1) Սահմանադրութեան կիրարկումը եւ հանրային զարգացումը երկրին մէջ անսասանօրէն ամրապնդելու համար՝ պիտի աշխատին եւ պայքարին միացած ուժերով, չխնայելով ոչ մէկ զոհաբերութիւն:
2) Ռէաքսիոներական (յետադիմական-Խմբ.) շարժումներու հաւանականութեան հանդէպ, օրէնքի թոյլատրած բոլոր կարելիութիւններու սահմանին մէջ, պիտի գործեն միասիրտ հաստատակամութեամբ եւ որոշակի ուղղութեամբ:
3) Օսմանեան նուիրական հայրենիքը անջատումէ եւ բաժանումէ զերծ պահելը՝ երկու կազմակերպութեանց միացած գործունէութեան նպատակակէտը ըլլալով, անոնք պիտի աշխատին գործնականապէս ցրել հանրային կարծիքին մէջ բռնակալ ռէժիմէն ժառանգ մնացած այն սուտ զրոյցները՝ թէ հայերը անկախութեան կը ձգտին:
4) Երկու կուսակցութիւններն ալ կը յայտարարեն թէ համամիտ են «Նահանգային Իրաւանց Ընդարձակման» մասին [օրէնքին], որ կ՛երաշխաւորէ Օսմանեան ընդհանուր հայրենիքի զարգացումն ու առաջադիմութիւնը:
5) Իթթիհատ-Թերագգը եւ Դաշնակցութիւնը իբրեւ խրատական նախազգուշացում ընդունելով Մարտ 31ի դէպքը եւ Ատանայի ցաւալի աղէտը, որոշեցին աշխատիլ ձեռք ձեռքի տուած՝ վերոյիշեալ հիմնական կէտերու իրագործման համար:
ԻԹԹԻՀԱՏ-ԹԵՐԱԳԳԸ
ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԿԵԴՐՈՆ
ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
Կ.ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՄԱՐՄԻՆ