ՊՐԻՒՔՍԵԼ.- «Եուրոնիուզ» կը հաղորդէ, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն կողմէ սպաննուած թուրք զինուորներու ընտանիքները թրքական բանակին դէմ դատ բացած են։ Դատին համաձայն, բարձրաստիճան զինուորականներ տեղեակ եղած են քիւրտ զինեալներու կողմէ նախապատրաստուող չորս յարձակումներու մասին եւ զանոնք կանխարգիլելու համար որեւէ քայլի չեն դիմած. աւելին, անոնք նպաստած են զինեալներուն գործողութիւններու իրականացմանը, որու հետեւանքով զինուորական ծառայութիւն կատարող 48 անձեր սպաննուած են։
Ի յայտ եկած է, որ զինուորականները տեղեկութիւններ ունեցած են քիւրտ զինեալներու շարժումներուն մասին, հետախուզական օդանաւի միջոցով, բայց եւ այնպէս թրքական բանակը որեւէ գործողութեան չէ ձեռնարկած զանոնք զսպելու համար։
Թրքական բանակը կը հերքէ ամբաստանութիւնները։
Դիտորդներու կարծիքով, բանակի դէմ դատական հարց յարուցելու փաստը ցոյց կու տայ, թէ երկրին մէջ թրքական բանակի հեղինակութիւնը սկսած է անկում արձանագրել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.