ԶԵՓԻՒՌ ՀԱՃԵԱՆ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ

Կատակ, կարօտի զգացում, անհրաժեշտութիւն թէ պարտականաութիւն, այս զգացումներով միախառն խումբ մը Ճեմարանականներ, ճամբայ ելանք դէպի Հալէպ, անտեսելով աշխարհագրական հեռաւորութիւնն ու մեր առօրեան անհրաժեշտ պարտականութիւնները։
Յաջորդաբար հասանք Հալէպ, մեր երազը սկսած էր իրականանալ եւ հաւաքուեցանք ՀՄԸՄի պարտէզին կից «Օլիմբիա» սրճարանը։ Առաջին հանդիպումով արդէն տասնեակ տարիներու անջատման պատը փշրուած էր, մենք դարձած էինք նախկին ճեմարանականները։
ժպիտը, կարօտի ողջաքուրումները, հարցումներու տարափը եւ անվերջ լուսանկարները բաւարար էին մեր շրջապատին հասկցնելու, թէ մենք երկար տարիներ ետք զիրար գտնող ընկերներ էինք։
Տարիքի մասին հարց չկար բոլորս տարեկից էինք։ Հարցումները՝ «Ո՞ւր կ՛ապրիս», «Քանի՞ զաւակ ունիս», «Ի՞նչ գործով կը զբաղիս», «Ե՞րբ գաղթեցիր» եւ զարմանքի ու հիացմունքի բացագանչութիւններով միախառն արդէն ընդունեցինք մեր առաջին հանդիպումը։
Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի 1979ի շրջանաւարտներն էինք։
Անհամբեր յաջորդ օրուան ծրագիրին, արդէն տեղւոյն մեր ընկերները կազմակերպած էին հանդիպում մը Ճեմարանի տնօրէնին պարոն Յակոբ Գիլէճեանին հետ։ Ճեմարանի դռնէն մուտք գործեցինք, հազիւ 12 տարեկան պատանիներու ունեցած խառն զգացումներով. բակը նոյնն էր շէնքը նոյնը, տարօրինակօրէն յաւելուած բաժինները երբեք արգելք չէին հանդիսանար թափանցելու մեր դպրոցի հայրիկին «պիւֆէ»ն, օթոպիւսները, ճեմելու նեղլիկ ծառաստանը, ոտնագնդակի դաշտը, եւ արդէն յիշողութիւնը թռիչք առած մէկս միւսին առանց ուշադրութիւն դարձնելու զիրար կը յիշեցնէինք երբեմն ճիշդ նոյն դէպքերը պատմելով։ Անբացատրելի զգացում մը, որուն յաջորդեց լուրջ պահ մը կեդրոնանալու Ճեմարանի տնօրէնին հետ։
Գիշերը Տիգրանեան սրահէն ներս սկիզբ առաւ պատմական պահը, հանդիպում՝ մեր անցեալի ընկեր-ընկերուհիներուն եւ անոնց կողակիցներուն հետ։
Ինչպէս ըսի, տարիքը չափանիշ չէր այլեւս, եւ հակառակ անոր կնքած զգալի ազդեցութիւններուն մենք անտեսեցինք բոլոր արգելքները եւ կարծէք հազիւ 18 տարեկան շրջանաւարտներ, նոյն ջերմութեամբ ու կարօտով ողջագուրուեցանք եւ կրկին սկսան յուշերու պեղումներումերն ու անոնց յաջորդող անակնկալները։
Երաժշտութիւնը, կերուխումը, Քարէն Եփփէ Ճեմարանի յատուկ պիտակով պատրաստուած շապիկներն ու գլխարկները եկան ամբողջացնելու մթնոլորտը եւ բարձր պահեցին բոլորիս տրամադրութիւնը։
Զուարճախօսութիւններէ ու սրտի խօսքերէ ետք, կարելի չէր առանց տարեդարձի կարկանդակին տօնել 30 ամեակի մեր հանդիպումը։
Սահմանափակ ժամը կը յառաջանար, բայց մենք որոշած էինք իւրաքանչիւր պահ արժեւորել, ըլլայ ան նոր հանդիպումով մը եւ կամ վերակենդանացած յիշատակներով։ Ամավերջի հանդէս։ Շուրջ 140 պարմաններ ու պարմանուհիներ բեմ բարձրացան, իրենց կեանքի մեծագոյն անկիւնադարձի պահը ապրելու, մեզի համար հպարտութիւնն էր տեսնել անոնց բացառիկ ներկայացումները, սրտի խօսքերն ու խոստումները Ճեմարանին նկատմամբ։ Բնականաբար դարձեալ մեր կեանքի պատմութեան սահիկը ընդմիջեց այդ պահը եւ մենք տեսանք սեւ ճերմակ նկարի մէջ մեր դասընկերներն ու դասընկերուհիները։ Խորունկ շունջ մը լաւապէս մխիթարեց մեր կոկորդը խեղդող յուզումի ու ուրախութեան խառն զգացումները։
Ու հնչեց զանգը… վերջին անգամ… Ճեմարանի բակին մէջ։
Պէտք էր վայելէինք իւրաքանչիւր պահ…
Հանդէսէն ետք ընթրիք-խրախճանքը մեր տրամադրութիւնը հասցուց իր գագաթնակէտին։
Մենք շարունակեցինք մեր հանդիպումներն ու այցելութիւները հալէպաբնակ մեր դասընկերներուն ընկերակցութեամբ։ Այցելեցինք «Հայկազեան» վարժարանի նախկին ու նոր մանկապարտէզները, տղոց բաժինը. հանդիպումներ ունեցանք ներկայ տնօրէնուհիներուն հետ, այցելեցինք նաեւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին եւ Ազգ. առաջնորդարանը։
Հալէպի թաղերը փոխուած էին, փոխուած էր ՀՄԸՄի պարտէզը, փոխուած էին ընդհանուր քաղաքի պատկերն ու անոր բնակիչները, բայց տակաւին Հալէպը իր ջերմութեամբ ու հարզատութեամբ կը պարուրէր մեր սիրտերը, որովհետեւ մենք հոն շրջապատուած էինք մեր հարզատներով ու ընկերներով։
Հաճելի ճամբորդութիւն մը ծրագրեցինք դէպի Լաթաքիա եւ հայրենի Քեսապ, հանդիպելու մեր դասընկերներուն։ Քեսապի մէջ ի յայտ եկան նոր զգացումներ, պատանեկան ապրումներն ու հոգեվիճակները կրկին կեանք առին, մանաւանդ երբ այցելեցինք ՀՄԸՄի բանակավայրը Էօքիւզօլուխի մէջ։ Պահ մը լուռ էինք, մեզմէ իւրաքանչիւրը կարծես կ՛ուզէր առանձնանալ իր յիշատակներով, ուր որպէս պատանի, սկաուտ կամ արծուիկ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր հետքը ձգած ու անցած էր։
Թաց աչքերով ու դարձեալ խեղդուած ձայնով հրաժեշտ տուինք մեզ դիմաւորող ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան պատասխանատու կարգ մը ընկերներուն ու տեղաւորուեցանք մեզ փոխադրող ինքնաշարժին մէջ։
Հալէպի մեջ մեր վերջին գիշերը յատկանշական էր իր բացառիկ մտերմութեամբ։
Այդ գիշեր խորհրդաւոր պահեր ապրեցանք։ Սրտի խօսքեր, հարազատի հանդիպելու եւ արդէն անմիջապէս բաժնուելու տխուր զգացումներ, հպարտութեամբ տեսանք մեր դասընկերներու նուաճումներն ու անոնց կողքին ընտանիք կազմած ու չափահաս զաւակներու տէր հայրերն ու մայրերը, ու տակաւին գաղութէն ներս իրենց ասպարէզին մէջ յաջողած ու լաւ դիրքերու վրայ Հայ անհատները։ Այս բոլորը մխիթարական էր եւ հոգեական մեծ գոհունակութիւն կը ներշնչէր բոլորիս։ Ժամը յառաջացած էր եւ պէտք էր բաժնուէինք։
Մեր բոլոր ապրումներուն մէջ մենք չմոռցանք Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, որ 30 տարիներ առաջ մեր մտքին ու հոգիին մէջ ծիլ տուաւ ու աճեցաւ, իսկ անոր հանդէպ մեր սէրը, յարգանքն ու երախտագիտութիւնը մղիչ ուժը դարձան կազմակերպուելու ու այս պատմական հանդիպումը յաջողութեամբ պսակելու։
Այս առթիւ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք, մեզ հարազատօրէն ընդունող տնօրէններուն, Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան եւ մեր այցելութիւնները կազմակերպող դասընկերներուն։
Եւ վերջապէս, այսօր իրականութիւն կը մնան միայն լուսանկարներն ու մեր յիշատակները եւ անպայման կրկին տեսնուելու մխիթարական խոստումները։
Մնաս բարով քարեղէն Ճեմարան, բարով եկար հոգեղէն Ճեմարան…։
Ապրի’ս, Զեփիւռ, ապրեցուցի’ր նաեւ: