ԳԷՈՐԳ ՏՈԼՄԱՃԵԱՆ*
Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի Մայիս 30-31ին Արժանթին կատարելիք պաշտօնական այցին ջնջումը՝ Պուենոս Այրեսի աչքառու հրապարակներէն մէկուն վրայ Աթաթուրքի կիսանդրիի զետեղման արգելքին հետեւանքով, լուսարձակի տակ պէտք է բերէ Անգարայի քաղաքականութիւնը Հարաւային Ամերիկայի ուղղութեամբ: Կիսանդրիի զետեղման արգելքը, ինչպէս ծանօթ է, դրուեցաւ մայրաքաղաքի իշխանութիւններուն կողմէ, ընդառաջելով հայ համայնքի բարձրացուցած բողոքին: Ծանօթ է, որ Պուենոս Այրեսի կառավարութիւնը արժանթինեան ներկայ իշխանութիններուն ընդդիմադիր հատուածին կողմէ կը ղեկավարուի: Այդ իսկ պատճառով, արժանթինեան կառավարութիւնը, ի մասնաւորի արտաքին գործոց նախարաութիւնը, փորձեց միջադէպին պատասխանատուութիւնը բարդել մայրաքաղաքի իշխանութիւններուն վրայ: Արժանթինեան մամուլը, անդրադառնալով հանդերձ հայ համայնքի զօրաշարժին, միջադէպը հասկնալիօրէն տեղադրեց իշխանութիւն-ընդդիմութիւն քաղաքական գործընթացի ոլորտին մէջ: Նման մեկնաբանութիւն, ըստ երեւոյթին, ընդունուեցաւ նաեւ հայկական Սփիւռքի մամլոյ հանրածանօթ կարգ մը վերլուծաբաններուն կողմէ, որոնք, թերեւս ակամայ, իրենց յօդուածներուն մէջ հայ համայմքի զօրաշարժի ազդակին անհրաժեշտ կարեւորութիւնը չտուին եւ առիթ ստեղծեցին որոշ շփոթի:
Պէտք է, առաջին հերթին, շատ յստակ մնայ որ Աթաթուրքի կիսանդրին չզետեղուեցաւ Պուենոս Այրեսի մէջ, եւ, հետեւաբար, Էրտողան ջնջեց իր այցելութիւնը, որովհետեւ Արժանթինի հայ համայնքը օրինակելի միասնականութեամբ շատ արագ հակազդեց անմիջապէս, որ իմացաւ իրադարձութեան մասին: Համայնքի գլխաւոր կազմակերպութիւններէն իւրաքանչիւրը ստանձնեց այդ զօրաշարժին մէջ իրեն բաժին ելած դերակատարութիւնը եւ շնորհիւ բոլորին ցուցաբերած պատրաստակամութեան կարելի եղաւ առնուելիք քայլերը արագօրէն եւ ազդեցիկ կերպով համակարգել: Իշխանութիւն-ընդդիմութիւն տարակարծութիւնը այս հարցով կը տեղադրուի արժանթիեան քաղաքական գործընթացին մէջ, բայց հիմնական պատճառը չէ կիսանդրիի զետեղման արգելքին:
Այդուհանդերձ, մեր սեւեռակէտը ներկայիս համայնքի զօրաշարժի արձանագրած այս յաջողութեանը պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ Անգարայի քաղաքականութիւնը Հարաւային Ամերիկայի ուղղութեամբ, այն համոզումով, որ Աթաթուրքի կիսանդրիի զետեղման կեդրոնական կարեւորութիւնը Էրտողանի այցելութեան ծրագրին մէջ պատահականութեան արդիւնք չէ: Թրքական դիւանագիտութիւնը հետեւողական աշխատանք կը տանի «վերատիրանալու» համար տարածաշրջանի մը, ուր, կը կարծէր, իննիսունական թուականներուն արդէն չէզոքացուցած էր հայկական գործօնը:
Արդարեւ, Ցեղասպանութեան ժխտումի թրքական քաղաքականութեան համար Հարաւային Ամերիկան միշտ ալ խնդրահարոյց տարածաշրջան եղած է: 1965ին արդէն Ուրուկուէյի խորհրդարանը քուէարկեց օրէնք մը, որով եւ փաստացիօրէն կը ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ուրուակուէյ համաշխարհային իմաստով նախընթաց մը ստեղծեց, եւ հակառակ 1970ական թուականներուն հարաւամերիկեան երկիրներու մէջ հաստատուած զինուորական բռնատիրութեանց օրերուն Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի հասկնալի տեղատուութեան, 1980ական թուականներէն սկսեալ մինչեւ օրերս, ժողովրդավար կարգերու վերադարձէն յետոյ, Ուրուկուէյի, Արժանթինի, Պրազիլի, Չիլիի եւ Վենեզուելայի մէջ իրարու յաջորդեցին խորհրդարանական որոշումներ, նախագահական յայտարարութիւններ, անհատական յանձնառութիւններ ընդհուպ մինչեւ Արժանթինի կողմէ Ցեղասպանութիւնը օրէնքով ճանչնալու իրողութիւն: Այս միջոցառումներէն նշենք յատկապէս 1987ին Արժանթինի նախագահ Ռաուլ Ալֆոնսինի Ցեղասպանութեան հրապարակային ճանաչումը նախագահ Ֆրանսուայ Միթերանի նմանօրինակ քայլէն մէկ տարի յետոյ, Լէանտրօ Տեսփուի եւ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակակիր Փերէս Էսքիւէլի ակտիւ յանձնառութիւնը Ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգայնացման գործընթացին մէջ, եւ այլ իրողութիւններ:
Պարզ է, որ Հայ Դատին այս զօրակցութեան ապահովումը արդիւնք է նախ եւ առաջ տեղւոյն հայ համայնքներու քաղաքական-յարաբերական հետեւողական աշխատանքին: Այդուհանդերձ, սխալ է թերագնահատել լատինամերիկեան ժողովուրդներու յատուկ զգայնութիւնը մարդկային իրաւանց՝ յատկապէս ցեղասպանութեան ոճիրի, նկատմամբ, տրուած ըլլալով որ իրենք եւս կայսրութիւններու կողմէ շահագործումի եւ զինուորական բռնատիրութիւններու տակ ճնշուած ըլլալու երկար պատմութիւն մը ունին: Ինչ որ, բնականաբար, հասկնալի կը դարձնէ իրենց զօրակցութիւնը հայութեան արդարութեան պահանջին:
Կը մնայ որ իննիսունական թուականներուն, երբ նորազատական չափանիշերը իրենք իրենց պարտադրեցին հարաւամերիկեան քաղաքականութեան մէջ եւ ժողովրդավարական թէ բարոյական արժէքները ենթակայ եղան շուկայական հաշուարկումներու, թրքական ժխտողականութիւնը, ԱՄՆի դիւանագիտական աջակցութեամբ, յաջողեցաւ ներթափանցել Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ երկիրները, ի մասնաւորի՝ Արժանթին, ուր, 1995ին, օրուայ նախագահ Քարլոս Սաուլ Մենեմ վեթոյի ենթարկեց օրին Հայ Դատի յանձնախումբի ջանքերով խորհրդարանի կողմէ ընդունուած Ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքը: Հայ Դատի համար մութ այդ տարիներուն տնտեսական հաշուարկումները կը տիրապետէին եւ արդար դատերը անհրաժեշտ արձագանգը չէին գտնէր քաղաքական շրջանակներու մօտ: Աւելի՛ն, նախորդ տասնամեակներու ձեռքբերումները կրնային յօդս ցնդիլ:
Իննիսունական թուականները աւարտեցան Հարաւային Ամերիկայի մէջ տնտեսական փլուզումով եւ անոր հետեւանք սոցիալական մեծ տագնապով: Քսանմէկերորդ դարու սկզբնաւորութեան քաղաքականութիւնը վերադարձաւ եւ արժէքները վերագտան իրենց կարեւորութիւնը: Հայ Դատի յանձնախումբը կրկին նախաձեռնեց քաղաքական աշխատանքի եւ արդիւնքով Արժանթինի խորհրդարանը քուէարկեց օրէնք մը որով եւ Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս կը ճանչցուէր: Օրին երկրի նախագահ Նեսթոր Քիրշներ, որուն քաղաքականութեան հիմքին էին մարդկային իրաւունքները, օրէնքը վաւերացուց 2007ին: Քայլ մը, որ հաշտ էր իր սկզբունքներու եւ մարդկային իրաւանց պետական քաղաքականութեան հետ: Անոր յաջորդեցին «Մերքոսուր»ի անդամ երկիրներու խորհրդարանին եւ Չիլիի Ծերակոյտին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման նախաձեռնութիւններ: Ցեղասպանութեան 95ամեակին, Ուրուկուէյի նախագահ Խոսէ Մուխիքայ եւ փոխնախագահ Տանիէլ Ասթորի պաշտօնապէս մասնակցեցան յիշատակման ձեռնարկներուն:
Դէմ յանդիման Հայ Դատի այս առաջընթացին, թրքական դիւանագիտութիւնը բազմացուց իր նախաձեռնութիւնները եւ ժխտումի նոր միջոցներու դիմեց: Առեւտրական պայմանագրեր, միջազգային հանդիպումներու փոխզօրակցութիւն եւ, ընդհանրապէս, Ցեղասպանութեան մասին այլեւս չխօսելու ռազմավարութիւն մը որդեգրուեցաւ Անգարային կողմէ: Անշուշտ, Անգարայի այս ճիգերը մեծապէս հեզացուց նախագահ Սարգիսեանի «ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը», «ճանապարհային քարտէս»ը եւ տխրահռչակ փրոթոքոլները, որոնք առիթ տուին թուրք դիւանագէտներուն, համոզել փորձել հարաւամերիկեան իրենց գործընկերներուն, քաղաքական անձնաւորութիւններուն թէ հանրային կարծիքին ընդհանրապէս, որ հայ-թուրք երկխօսութիւնը որպէս թէ արդէն հարցը պիտի լուծէ, հետեւաբար անհրաժեշտ է չխանգարել աւելորդ յայտարարութիւններով կամ միջոցառումներով: Փրոթոքոլներու համաձայնագրի վաւերացման գործընթացի իրողական կասեցման փաստը նոյնիսկ պատճառ չէ, որ թրքական այս քարոզարշաւը չշարունակուի:
Էրտողանի այցելութեան նպատակն էր Ցեղասպանութեան հարցով Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու հետ, ի մասնաւորի Արժանթինի, Թուրքիոյ յարաբերութիւններու վերաշխուժացումը: Միեւնոյն ժամանակ, Աթաթուրքի կիսանդրիին զետեղումը կու գար Արժանթին տարածելու ժխտումի քաղաքականութիւնը: Նշենք, որ առաջին անգամը չէ, որ Թուրքիա կը փորձէ Արժանթինի մէջ մեծարել Աթաթուրքին: 1963ին, Արժանթինի նախագահ Կիտոյի հրամանագրով նամակատունը Աթաթուրքի մահուան 25ամեակին առիթով յիշատակի դրոշմաթուղթ մը պիտի հրապարակէր: Օրին սակայն, հայ համայնքի բողոքի զօրաշարժը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին արժանթինեան հանրածանօթ մտաւորականներ, պատճառ դարձաւ, որ միջոցառումը բեկանուի: Այս անգամ Էրտողանի կառավարութիւնը կ՛ուզէր Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան աւելի ցուցական երեւոյթ տալ, կիսանդրիի զետեղման նախաձեռնութեամբ: Թրքական դիւանագիտութեան ամէնէն զզուելի երեսը եղաւ կիսանդրիի բացման հրաւիրել հայ ծագումով թուրք քաղաքացիներ, որոնք կայք հաստատած են Արժանթին, անոնց անուղղակիօրէն սպառնալով դժուարութիւններ առաջացնել իրենց պաշտօնական թուղթերու վերանորոգման ժամանակ, եթէ ներկայ չըլլային արարողութեան: Հրաւէրին նպատակն էր, անշուշտ, արժանթինեան հանրային կարծիքին ցոյց տալ, որ հարց չկար հայերու եւ թուրքերու միջեւ, այնպէս ինչպէս փրոթոքոլները կ՛ըսեն արդէն…
Փրոթոքոլներով կաշկանդուած հայկական դիւանգիտութեան հաշուարկումը կատարած թրքական քաղաքականութիւնը, սակայն, թերգնահատեց համայնքի ցասումն ու զօրաշարժի կարողականութիւնը: Թրքական դիւանագիտութիւնը ակտիւացած էր մասնաւորաբար անցնող երկու տարիներուն, երբ հայկական դիւանագիտութիւնը ճիգ կ՛ընէր հայութիւնը համոզելու, որ փրոթոքոլները Ցեղասպանութեան ճանաչման վտանգ չեն սպառնար, առանց շատ մտահոգուելու թէ իրենց թուրք գործընկերները ի՛նչ կ՛ընէին մինչ այդ…
Էրտողանի այցելութեան ջնջումը բացայայտեց որ Հարաւային Ամերիկայի մէջ առկայ է թրքական ժխտողականութեան ակտիւ դիւանագիտութիւն, որ ակրեսիւ կերպով եւ առանց տատանելու սուտին կամ քօղարկուած սպառնալիքին առաջ, հասնելու համար իր նպատակին եւ, շնորհիւ իր հետեւողականութեան, երբեմն զինք մտիկ ընող եւ թրքական թէզերը պաշտպանութեամբ շահագրգռուած քաղաքական անձնաւորութիւններ կը գտնէ:
* Հեղինակը ՀՅ Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահն է