ՖՐԷՅԺԸՐ ՓԱՐՔ, Քալիֆորնիա.- Մուսա Լերան ժողովուրդին հերոսական յաղթանակին 95ամեակը պիտի նշուի Շաբաթ եւ Կիրակի, Սեպտեմբեր 11-12ին, Ֆրէյժըր Փարքի մէջ գտնուող «Արեւ» ճամբարին մէջ:
Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան, ձեռնարկները պիտի սկսին Շաբաթ օր, երբ տեղի պիտի ունենայ աւանդական «հարիսա»ի պատրաստութիւնը, պիտի հնչեն տաւուլն ու զուռնան, ինչպէս նաեւ այլ երաժշտութիւն, հայկական պարի դասընթացքներ, իսկ ձրիաբար բաժնուելիք հարիսային կողքին պիտի ըլլան նաեւ այլ աւանդական ուտեստեղէններ:
Շաբաթ օրուան դաշտագնացութիւնը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6ին, իսկ Կիրակի օրուան միջոցառումները՝ առաւօտեան ժամը 10ին տեղի ունենալիք Ս. պատարագով: Նոյն օրը նաեւ պիտի բանախօսէ «Ասպարէզ»ի խմբագիր Աբօ Պօղիկեանը:
Անոնք, որոնք կը փափաքին հոն գիշերել, կրնան մինչեւ 10 հոգինոց սենեակ մը վարձել 250 տոլարով, այլապէս մուտքը ազատ է:
«Արեւ» ճամբարի հասցէն է՝ 1701 Darling Avenue, Frazier Park, CA, 93225:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (626) 376-7420 թիւին կամ misak.zetilyan@gmail.com հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.