ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Օգոստոս 24ին լրագրողներու հետ կայացած ճեպազրոյցի մը ընթացքին, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու փոխնախարար Արեգ Գալստեան յայտարարած է, թէ Հայաստանի մէջ կառուցուելիք նոր հիւլէակայանի շինարարութիւնը պիտի արժէ ոչ թէ 5, այլ մօտաւորապէս 4 միլառ տոլար։
Նշենք, որ քանի մը օր առաջ «Ռոսատոմի» ղեկավար Սերգէյ Կիրիենկօ յայտնած էր, թէ նոր կայանի արժէքը կը կազմէ 5 միլառ տոլար: Արժէքներու տարբերութիւնը, ըստ ուժանիւթի փոխնախարարին, կը բացատրուի գիտարուեստատնտեսական փաստաթուղթերու անպատրաստ ըլլալով։
Ըստ Ա. Գալստեանի, յստակ չէ, թէ օտար ինչ այլ ներդրողներ պիտի մասնակցին շինարարութեան. անոր հաւաստումով՝ տակաւին բանակցութիւնները կը շարունակուին։ Փոխնախարարը նաեւ չէ կրցած յստակ նշել, թէ երբ պիտի սկսի կայանի շինարարութիւնը: «Յոյս ունեմ, որ այն կը սկսի 2011ին», ըսած է Ա. Գալստեան:
Յստակ չէ նաեւ, թէ որքան պիտի կազմէ կայանի արտադրած ելեկտրականութեան արժէքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.