ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան Հանրային պատկերասփիւռի ընկերութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ ռուսական ռազմակայանի գործողութեան ժամկէտը Հայաստանի մէջ ո՛չ թէ մինչեւ 2044 է, այլ 2046: «Ժամկէտը հաշուարկւում է որպէս պայմանագրի ստորագրման ժամկէտից, որ կայացել է 1995ին, այլ դրա վաւերացման, այսինքն՝ 1997 թուականից», ըսած է Քոչարեան:
Ըստ արձանագրութեան՝ ռուսական ռազմակայանը Հայաստանի մէջ կը մնայ առնուազն 49 տարի, նախկին 25 տարուան փոխարէն: Կը նշուի նաեւ, որ ռուսական ռազմակայանը՝ բացի Ռուսիոյ շահերը պաշտպանելէ, պէտք է ապահովէ նաեւ Հայաստանի անվտանգութիւնը: Այդ նպատակներուն համար Հայաստան պէտք է առաքուին «ժամանակակից եւ համատեղելի զինատեսակներ, ռազմական (յատուկ) գիտարուեստ»:
«Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ամրապնդումը նշանակո՞ւմ է արդեօք նաեւ ԼՂՀ անվտանգութեան ամրապնդում» հարցին ի պատասխան, Քոչարեանը նկատած է, որ բոլորի համար ակնյայտ է, թէ Հայաստան եղած է կը մնայ ու պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան եւ Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան երաշխաւորը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.