ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երկուշաբթի, Օգոստոս 23ի կէսօրին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ճաշի հիւրն էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան։ Ճաշին ներկայ էին Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Վլատիկ Խաչատրեան, նախագահ Սահակեանի խորհրդական Արմէն Իսակուլով եւ մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան պետ Դաւիթ Պապայեան, Միջին Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ Երեսփոխանական պլոքի քաղաքական խորհուրդի անդամներ։
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան հաստատեց, որ ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր կազմակերպութիւնն ու իր ուղեկից միութիւնները իրենց ներուժը միշտ տրամադրած են ու կը շարունակեն տրամադրել Արցախի հզօրացման եւ անկախութեան ամրակայման աշխատանքներուն եւ զգացականութենէն անդին կը յայտնեն իրենց պատրաստակամութիւնը այս ուղղութեամբ աշխատանքները ծաւալելու։
Ապա Յովիկ Մխիթարեան Կեդրոնական կոմիտէին անունով նախագահ Բակօ Սահակեանին իբրեւ յուշանուէր յանձնեց լուսանկարներով եւ համապատասխան ծանօթագրութիւններով Դաշնակցութեան պատմութեան գլխաւոր հանգրուանները ներկայացնող «Ալպոմ»ը։
Լիբանանահայ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելու շրջագիծին մէջ, նոյն օրը, նախագահ Բակօ Սահակեան Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին հետ՝ ներկայութեամբ համայնքի զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն:
Աւելի կանուխ, նախագահ Սահակեան Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութեան պատուիրակութեան հետ:
Հանդիպման սկիզբը նախագահ Սահակեան շնորհաւորեց ներկաները ԼՕԽի 80ամեայ յոբելեանին առիթով՝ նշելով, որ իր գործունէութեան ամբողջ ընթացքին ԼՕԽը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է ինչպէս լիբանանահայութեան ազգային ինքնութեան պահպանման, այնպէս ալ հայրենիքին օգնութիւն ցուցաբերելու գործին մէջ:
Նախագահ Սահակեան նշեց, որ Արցախ շահագրգռուած է ԼՕԽի հետ անմիջական համագործակցութիւն հաստատելու մէջ, ինչ որ նոր խթան պիտի հանդիսանայ լիբանանահայութեան եւ Արցախի միջեւ կապերու խորացման եւ ընդլայնման համար:
Նախագահ Սահակեան Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ ՀԲԸՄի Լիբանանի մասնաճիւղի ղեկավար կազմին հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի հետ ՀԲԸՄի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Նախագահը նշեց, որ ՀԲԸՄը մեծ ներդրում ունի Արցախի զարգացման գործին մէջ, միաժամանակ ընդգծելով համագործակցութիւնը որակապէս նոր հարթութիւն տեղափոխելու անհրաժեշտութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.