Էջը պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Շատեր կը մերժեն հոգեբանի մը այցելելու գաղափարը եւ կը նախընտրեն անձամբ լուծել իրենց հարցերը. անշուշտ խօսքը կը վերաբերի հոգեբանական լուրջ հարցերու։
Իսկ դո՞ւք, հոգեբանի կարիք ունի՞ք… իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 7 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը։
1.- Վէճի մը ընթացքին ձեր կողակիցը ձեզի կը թելադրէ հոգեբան մը տեսնել…
ա.- Նոյն խօսքը իրեն կ՚ուղղէք։
բ.- Կը վերագրէք իր զայրոյթին։
գ.- Կը վիրաւորուիք։
2.- Ձեր բարեկամուհին կը պատմէ հոգեբանին հետ իր հանդիպումին մասին…
ա.- Ձեր միտքէն երանի կու տաք իրեն։
բ.- Կը հիանաք իր առած քայլին։
գ.- Կ՚անհանգստանաք, պիտի չհամարձակիք նման քայլ մը առնել։
3.- Ձեր զաւկին հետ յարաբերութիւնները խզուած, վատթարացած են։
ա.- Մէկը կը փնտռէք ձեր սիրտը պարպելու եւ կարծիք առնելու համար։
բ.- Կը մտածէք՝ տարիքն է, անցողակի երեւոյթ է։
գ.- Ծնողք-զաւակ յարաբերութեան մասին գիրքեր, յօդուածներ կը կարդաք լուսաբանուելու համար։
4.- Ինչո՞ւ մինչեւ օրս հոգեբան չէք տեսած.
ա.- Որովհետեւ բաւարար տեղեկութիւն չունիք։
բ.- Որովհետեւ կարիքը չէք զգացած։
գ.- Որովհետեւ կը մերժէք ձեր զգացումները անծանօթի հետ բաժնել։
5.- Երբ հոգեպէս հանգիստ չէք,
ա.- Բարեկամներու կը դիմէք։
բ.- Բնութեան մէջ կ՚առանձնանաք։
գ.- Ինքնավերլուծումի կը դիմէք։
6.- Յաճախ դժուար կացութիւններուն դիմաց՝
ա.- Կարծիք եւ հակազդեցութիւն չունիք։
բ.- Լաւ իրաւարար էք։
գ.- Վերլուծող եւ լուծումներ գտնող էք։
7.- Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այն անձերուն մասին, որոնք իրենց ժամանակը հոգեբանի հետ կ՚անցընեն։
ա.- Ճիշդ կ՚ընեն, եթէ կարիքը ունին։
բ.- Կը ցաւիք անոնց համար։
գ.- Չափազանց կը ցաւիք։
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, ձեզ լսողի, հանգստացնողի, օգնողի կարիքը ունիք։ Հոգեբանի մասին թէեւ լսած էք, բայց բաւարար տեղեկութիւն չունիք։ Հետաքրքրուեցէք եւ դիմեցէք մէկն ու մէկուն, քանի որ կարգ մը հոգեկան տագնապներու լուծումը մեր ձեռքը չէ, այլ մասնագէտի միջամտութեան կը կարօտի։
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, զօրաւոր անհատականութեան տէր, ինքնավստահ անձ էք, գիտէք ձեր հարցերը անձամբ լուծել, բայց արգելք չունիք հոգեբան տեսնելու, եթէ օրին մէկը կարիքը զգացուի։ Մինչ այդ, սակայն, լաւ եւ օգտակար խորհրդատու էք ձեր շրջապատի մարդոց, որոնք յաճախ կը դիմեն ձեր կարծիքին։
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, հոգեբանի այցելելու գաղափարը բոլորովին մերժուած է ձեր կողմէն, չէք սիրեր ձեր դժուարութիւնները ուրիշին հետ բաժնել։ Ձեր ինքնավստահութիւնը, բայց նաեւ որոշ մեծամտութիւնը կ՚արգիլեն, որ օրին մէկը հոգեբանի դիմէք։ Այսուհանդերձ, գնահատելի է, որ մինչեւ օրս դուք ձեր հոգեբանը եղած էք եւ շրջանցած էք ձեր բոլոր դժուարութիւնները։
—————————————————————————————————————————————-
Եղանակի Պտուղներէն
Բոլոր պտուղները կը յատկանշուին իրենց պարունակած հիւթի հարստութեամբ։ æրոտ հիւթը կը կազմէ անոնց ծաւալին մօտաւորապէս 95 առ հարիւրը։
Մեր սննդականոնին մէջ պտուղը պէտք է գրաւէ հիմնական տեղը, որովհետեւ անիկա կը հայթայթէ մեր մարմինին անհրաժեշտ բազմաթիւ սննդանիւթեր, ինչպէս՝ կենսանիւթեր եւ հանքայիններ, որոնք կը զօրացնեն մեր դիմադրականութիւնը։
Այսօրուան էջով պիտի անդրադառնանք Ա. եւ Ս. կենսանիւթերով հարուստ պտուղներուն ու զանոնք պահելու կերպերուն։
Ծիրանը
Սեխէն ետք, Ա. կենսանիւթով հարուստ պտուղը ծիրանն է։ Ան կը կանոնաւորէ աղիքներու գործունէութիւնը։
Չոր ծիրանը՝ կը պայքարի պնդութեան դէմ։
Արմաւը
Սննդարար, ուժ հայթայթող, եւ հանքային աղերով հարուստ արմաւը յանձնարարելի է յատկապէս մարզիկներուն, յղի կիներուն եւ արեան տկարութիւն ունեցողներուն։
Սեխը
Ա. եւ Ս. կենսանիւթերով հարուստ այս պտուղը կը վերանորոգէ մկաններու հիւսկէնները եւ կը պայքարի պնդութեան դէմ։
Ձմերուկը
Ա. կենսանիւթով հարուստ այս պտուղը ամրան եղանակին կը զովացնէ ու կը ծառայէ իբրեւ ջուրի աղբիւր։
Դեղձը
Հանքային, աղերով (քալսիոմ, փոթասիոմ, սոտիոմ, ֆոսֆոր) եւ Ա. կենսանիւթով հարուստ է դեղձը։ Եթէ կը տառապիք աղիքներու խանգարումէ, ապա քանի մը օր առաւօտուն անօթի փորով խմեցէք դեղձի հիւթ, որ կը նպաստէ պնդութիւնը փարատելու։
Խաղողը
Շաքարով հարուստ խաղողը նաեւ կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ Ա. կենսանիւթ եւ հանքային աղեր։ Յանձնարարելի է դիեցնող կիներուն, տարեցներուն եւ փոքրերուն՝ իր պարունակած ժահրերու դէմ պայքարելու բնական յատկութեան համար։
Սալորը
Ա. կենսանիւթով հարուստ սալորը մարմինին կու տայ ուժ եւ կենսունակութիւն։ Յանձնարարելի է (ֆիզիքական թէ մտային) յոգնածութեան պարագաներու։
Կիտրոնը
Ս. կենսանիւթով հարուստ է կիտրոնը եւ կ՚օգնէ կոկորդի բորբոքումներու, բարձր ջերմութեան, ինչպէս նաեւ փորհարութեան պարագաներուն։
Քիուին
Օրական 1 քուին կը բաւարարէ Ս. կենսանիւթի մարմնին ամբողջ պահանջը։
Ս. կենսանիւթով ամէնէն հարուստ պտուղն է։
Յանձնարարելի է յղի կիներուն, ճնշուածութենէ կամ զգայնութենէ տառապողներուն։
Նարինջ
Ս. կենսանիւթով հարուստ բաժակ մը նարինջի հիւթով օրը կարելի է սկսիլ։
Նարինջը կը պայքարի բորբոքումներու դէմ, բայց պէտք է զգուշանալ, եթէ կը տառապիք ստամոքսի հարցերէ։
Մանտարին
Ա. եւ Ս. կենսանիւթերով հարուստ մանտարինը յանձնարարելի է յոգնութիւն եւ թուլութիւն զգացողներուն, սակայն երեկոյեան պէտք է զգուշանալ մանտարին ուտելէ՝ դժուարամարսութիւն չունենալու համար։
Ա. եւ Ս. կենսանիւթերով հարուստ պտուղները պէտք է հեռու պահել լոյսէ, որովհետեւ օդին ու լոյսին ազդեցութեամբ, անոնք կը կորսնցնեն իրենց օգտակարութիւնը։ Պէտք է զանոնք մութ գոյն տոպրակով ծածկել։ Ս. կենսանիւթով հարուստ պտուղները լուալու պարագային, պէտք չէ զանոնք թաթխել ջուրի մէջ, այլ՝ ջուրը վրան հոսեցնելով մաքրել, որպէսզի չկորսնցնեն իրենց պարունակած Ս. կենսանիւթէն մաս մը։