Քուէյթի Հայկական վարժարանը այս տարի կը բոլորէ իր կեանքի առաջին կէս դարը։ Ոսկեայ յոբելեանին առիթով, Քուէյթի մէջ թէ այլուր, նախատեսուած են տօնախմբութիւններ ու հանդիսութիւններ։ Վարժարանի նախկին սաներէն ու բարեկամներէն մեր ափերը բնակութիւն հաստատած հայորդիներ կազմած են 50ամեակի յանձնախումբ մը, որպէսզի իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն՝ իրենց լուման նուիրաբերեն վարժարանին ու վեր առնեն անոր դերակատարութիւնը։ Յանձնախումբի անդամներէն Մարալ Մանուկեան, Այտա Գամարեան եւ Հրաչ Գալուստեան Հինգշաբթի, Օգոստոս 19ի յետմիջօրէին, այցելութիւն մը տուին Ազգ. առաջնորդարան եւ ընդունուեցան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Անոնք ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ տուին այն ձեռնարկներուն ու հանդիսութիւններուն մասին, որոնք կը նախատեսուին յառաջիկայ ամիսներուն։
Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց յանձնախումբին մարմնաւորումը եւ բարձր գնահատեց նախկին սաներուն պատրաստակամութիւնը՝ նիւթապէս ու բարոյապէս նեցուկ կանգնելու Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու մեր թեմի հովանիին տակ գործող հայկական կրթօճախին։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ անցեալ տասնամեակներուն արձանագրուած տագնապալի հանգրուաններուն հետքերը թօթափուած են ու վարժարանը վերահաստատած է իր առաքելութիւնը։ Առաջնորդը նաեւ իր օրհնութիւնը տուաւ յանձնախումբի աշխատանքներուն եւ փոխանցեց անոնց նեցուկ կանգնելու Ազգ. առաջնորդարանի պատրաստակամութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.