Անուանի գեղանկարիչ Վլադիմիր Աթանեանի ծննդեան 70ամեակի եւ՝ ստեղծագործական 50ամեակի առիթներով, Կիրակի, Սեպտեմբեր 26ին, երեկոյեան ժամի 7:30ին, Կլետնէյլի «Փըսիֆիք»ի հանրային կեդրոնին մէջ (501 South Pacific Ave, Glendale CA 91204), տեղի պիտի ունենայ յոբելինական հանդէս, կազմակերպութեամբ յոբելինական յանձնաժողովի եւ Աթանեան արուեստի կեդրոնի: Ճոխ ցուցահանդէսով պիտի ներկայացուին վարպետի ստեղծագործութիւնները: Անոր մասին ֆիլմի ցուցադրութեամբ վեր պիտի հանուի վարպետի գեղարուեստական նուաճումները ու պիտի գործադրուի գեղարուեստական ծրագիր եւ հիւրասիրութիւն:
Շնորհանդէսով պիտի ներկայացուի «Վլադիմիր Աթանեան, Կեանքը եւ Արուեստը» գիրքը, ու պիտի կատարուի գինեձօն:
Մուտքը ազատ է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել atanian_art_center@prodigy.net հասցէին ու (818) 551-0307 թիւին կամ այցելել www.atanianartcenter. com կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.