ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Լուսանկարիչ Սարա Անճարկոլեանի «How We Live»ը հատորը Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 3ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ պիտի ներկայացուի «Ապրիլ» գրատան մէջ, որու ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ Նարինէ Միրզայեան եւ պիտի ցուցադրուի հատորին մասին Քարլօ Ղարաբեկեանի պատրաստած վաւերագրական շարժապատկերը:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասրիութիւն:
Գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA: Հատորէն օրինակ մը ապսպրելու համար այցելել www.abrilbooks.com/books/11754.html համացանցային կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.