Հայ Օգնութեան Միութեան երկրորդ նաւապտոյտը Ամսթերտամ քաղաքէն ճամբայ ելաւ Օգոստոս 22, 2010ին։ 357 ճամբորդներ կը մասնակցին նաւապտոյտին, որ պիտի այցելէ Գերմանիա, Շուէտ, Ֆինլանտա, Ռուսիոյ Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքը, Դանիա եւ Էսթոնիա։
Տեսարժան վայրերու այցելութեան կողքին, ՀՕՄի նաւապտոյտին մասնակիցները առիթը պիտի ուենան հանդիպելու Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ մասնակցելու նաւուն վրայ կազմակերպուած բազմաթիւ ձեռնարկներու։ ՀՕՄի առաջին միջերկրականեան նաւապտոյտը կազմակերպուած էր 2008ի ամառը եւ բացառիկ յաջողութիւն արձանագրած։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.