Երկրի տնտեսական դժուարութիւնները կը շարունակուին՝ տագնապեցնելով մեզ, մեր շրջանակը, եւ լուրջ խնդիրներ ստեղծելով ազգային գրեթէ բոլոր հաստատութիւններուն, կառոյցներուն, որոնց շարքին նաեւ՝ հայկական ամէնօրեայ վարժարաններուն համար:
Պէտք է հաստատել, սակայն, որ հակառակ ամէն ակնկալութեանց, բոլոր դպրոցները, կրելով հանդերձ աշակերտներու թիւի որոշ նուազում՝ վերամուտ կը տօնեն խանդավառութեամբ ու յաջող տարի մը բոլորելու վճռականութեամբ:
Տնտեսական այս տագնապին ստեղծած հարցերը դիմագրաւելու համար, դժբախտաբար, համայնքը պատրաստ չէր, ու իւրաքանչիւր հաստատութիւն գրեթէ մինակ մնացած էր լուծելու համար իր խնդիրները:
Չենք կրնար թոյլատրել, որ հայկական դպրոցները, որոնք ազգապահպանման մեր հզօրագոյն բերդերն են, որոնք մեր համայնքի պահպանման մեծագոյն երաշխիքներն են, նոյն ճակատագիրին ենթարկուին:
Բոլորս ալ, միութիւններ թէ անհատներ, պարտաւոր ենք մեր ուշադրութիւնը սեւեռած պահել հայկական դպրոցներու վրայ, եւ փորձել ամէն գնով ապահովել անոնց կենսունակութիւնը՝ բոլոր ժամանակներուն մէջ, բոլոր պայմաններուն տակ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.