ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեանի, ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի եւրասիական հարցերով օգնական Թինա Քէյթընաու այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Երեւան:
Քէյթընաու Սեպտեմբեր 8ին մեկնած էր Պաքու, ուր հանդիպումներ ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահին ու արտաքին գործոց նախարարին հետ:
Ատրպեճանական լրատուական գործակալութիւններուն փոխանցումով, հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են ատրպեճանա-ամերիկեան յարաբերութիւններուն ու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին ներկայ փուլին առնչուող հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.