Էջը Պատրաստեց՝ ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ
««Հանգիստ» բառը շատ հետաքրքրական բառ մըն է, երբ անիկա կը վերաբերի արուեստին: Չեմ հաւատար,
որ արուեստագէտ մը երբեւէ հանգիստ պէտք է զգայ: Եթէ այդ մէկը պատահի՝ գործը կը տուժէ»:
Հրաչ Թիթիզեան երեսնամեայ տաղանդաւոր, աշխատունակ եւ բարձունքներու ձգտող դերասան է: Ան ծնած եւ հասակ նետած է Լոս Անճելըսի մէջ: Տարիներու տքնաջան աշխատանքով ան յաջողած է դժուար ճամբան կտրել ու սողոսկիլ Հոլիվուտի պատկերասփիւռի եւ շարժապատկերի անմատչելի աշխարհէն ներս:
Անոր վերջին իրագործումներն են՝ դեր մը «Տը Մէն Հու Սթերտ Էթ Կօթս» (The Men Who Stared at Goats) ֆիլմին մէջ՝ Ճորճ Քլունիի, Իուըն ՄաքԿրեկըրի, Քեւըն Սփէյսիի եւ Ճեֆ Պրիճըզի նման տաղանդներու կողքին, նաեւ դերեր պատկերասփիւռի յայտնի ու յաջող շարքին՝ «24»ին մէջ:
Այս առիթով, Ճորճ Ատուրեան դերասանին հետ ունեցաւ անգլերէնով զրոյց մը, զոր թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Կը յիշէ՞ք անցեալի այն պահը, երբ յայտնութիւն մը ունեցաք եւ դուք ձեր անձին ըսիք. «Ահաւասիկ ա՛յս է, զոր կ՛ուզեմ ընել. կ՛ուզեմ դերասան դառնալ»:
ՀՐԱՉ ԹԻԹԻԶԵԱՆ.- Ես միշտ ուզած եմ դերասանութիւն ընել… այնքան, որքան կը յիշեմ: Երբ հիւրեր ունենայինք մեր տան մէջ, ծնողքս կը խնդրէր, որ սուրճի կամ անուշեղէնի հիւրասիրութեան ընթացքին զուարճացնեմ զիրենք: Անձնաւորումներ (impersonations) կը կատարէի, joke-եր կը պատմէի, կ՛երգէի եւ կը կատարէի այն, ինչ պատուիրէին: Որոշ ժամանակ ետք, մեր հիւրերը արդէն նախասիրութիւններ ունէին եւ չէին վարաներ ինծի պատուէրներ տալու: Սակայն եւ այնպէս, մինչեւ 19 տարեկան ըլլալս, երբեք չէի մտածած զուարճացնող ըլլալով ապրուստ ապահովելու մասին: Այն պահը, երբ իսկապէս անդրադարձայ, թէ կ՛ուզեմ դերասան ըլլալ պատահեցաւ, երբ 19 տարեկանիս ընտանեօք պտոյտի գացինք Եւրոպա: Այնտեղ մնացի մէկ ամիս, որուն մեծ մասը առանձին անցուցի: Հետաքրքրութիւններս բոլորովին տարբեր էին ընտանիքիս միւս անդամներու հետաքրքրութիւններէն, ուստի սկսայ առանձինն այցելութիւններ կատարելու: Երբ առանձին ես, տունէն հեռու, շուրջդ ամէն ինչ իսկապէս յստակ կը տեսնես: Կրնաս կեանքդ աւելի դիւրութեամբ գնահատել: Կարծես ձկնամանի մը մէջ կը լողայիր, բայց յետոյ անկէ դուրս կու գաս եւ դուրսէն ինքզինքդ կը դիտես անոր մէջ: Հոյակապ բան է ատիկա: Անդրադարձայ, թէ հօրս գործարքը (business) ստանձնելու ապագայի ծրագիրը զիս երջանիկ պիտի չդարձնէ, այլ այն, զոր գիտեմ թէ կը սիրեմ ընել, կրնայ միայն երջանկացնել զիս: Երբեք ետ չնայեցայ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս դուք ձեզ պատրաստեցիք իբրեւ դերասան. դերասանական որեւէ «մեթոտ»ի կը հետեւի՞ք:
ՀՐԱՉ ԹԻԹԻԶԵԱՆ.- Առաջին բանը, զոր ըրի՝ քոլեճը ձգեցի եւ արձանագրուեցայ դերասանութեան դասերու:

Գիտնալով, որ այս մէկը լաւ ձեւով պիտի չընդունուի ծնողքիս կողմէ, զայն պահեցի իբրեւ անձնական փոքր գաղտնիք: Դասընթացքներուս ծախսերը ապահովելու համար, ծաղիկներ առաքողի (flower delivery) գործ աշխատեցայ: Շուրջ մէկ տարի ձեւացուցի քոլեճ երթալ, մինչ իրականութեան մէջ, կը հետեւէի դերասանական դասընթացքներու: Դերասաններու յատուկ պատկերս ալ առնել տուի եւ այնպէս դասաւորեցի, որ ներկայացուցիչ (agent) մը ունենամ: Վերջ ի վերջոյ, ծնողքս իմացաւ եւ հայրս ճակատում մը ունեցաւ հետս. կարիք չկայ ըսելու, թէ լաւ բան չէր անիկա: Սակայն որոշումիս մէջ հաստատ մնացի եւ շարունակեցի դերասանական ասպարէզի հետապնդումս:
Դերասանական որեւէ յատուկ «մեթոտ»ի չեմ հետեւիր: Ամէն դերասան տարբեր է. այն, ինչ մէկու մը համար յարմար է, ուրիշի մը համար նոյնը չէ: Ես միշտ կը փորձեմ կատարել ամէնէն ուժեղ ընտրութիւնները եւ անկեղծ ըլլալով՝ երթալ կարելութեան չափ հեռու: Պէտք է «իրական» ըլլալ… բոլոր պայմաններուն մէջ… նոյնիսկ եթէ ատիկա «սքե»չ կատակերգութիւն մըն է: Միշտ նուիրուէ՛ 100 տոկոսով: Նուիրուէ՛ ընտրութիւններուդ, նուիրուէ՛ կերպարիդ, նուիրուէ՛ գործիդ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ո՞ր կրկեսին մէջ աւելի շատ հանգիստ կը զգաք՝ թատրոնի բեմի՞ն, պատկերասփիւռի՞ն, թէ շարժապատկերին:
ՀՐԱՉ ԹԻԹԻԶԵԱՆ.- «Հանգիստ» բառը շատ հետաքրքրական բառ մըն է, երբ անիկա կը վերաբերի արուեստին: Չեմ հաւատար, որ արուեստագէտ մը երբեւէ հանգիստ պէտք է զգայ: Եթէ այդ մէկը պատահի՝ գործը կը տուժէ: Երբեք կը նկատէ՞ք, թէ ինչպէ՛ս մեծ թիւով արուեստագէտներ, դերասաններ, բեմադրիչներ, գրողներ եւ երաժիշտներ իրենց գործին մէջ փաստօրէն աւելի լաւ էին իրենց երիտասարդութեան ժամանակ:
Փորձառութեամբ աւելի կատարեալ պէտք է դառնաս, սակայն շատ մը պարագաներու՝ այդպէս չէ: Ատոր պատճառը՝ «հանգիստ» ըլլալն է: Անոնք աւելի անօթի էին, երբ նոր կը սկսէին: Անոնք աւելի ստեղծագործ էին՝ առաւել սլացք ունեցող: Հանգիստին հետ կու գայ նաեւ ծուլութիւնը եւ ապահովութեան խաղը խաղալու ձգտումը: Սակայն այն, ինչ կը վերաբերի երեք կրկեսներուն՝ պէտք է ըսել, որ ֆիլմն է, զոր կը նախընտրեմ: Թատրոնը հրաշալի է: Երկվեցեակէ մը աւելի թատրոնի դերեր ստանձնած եմ եւ չկայ բան մը, որ կը հաւասարի հանդիսատեսներու դիմաց դեր կատարելուն: Քեզի տրուած է բաւական շատ այլընտրանքներու ազատութիւն… ենթադրելով, որ բեմադրիչը նաւուն վրայ կը գտնուի: Սակայն եւ այնպէս, թատրոնի ներկայացումներու կրկնութիւնները շատ դժուար են ինծի համար: Շաբաթը 8 անգամ եւ ամիսներով՝ յաճելի չէ: Նաեւ, թատրոնի միջոցաւ շատ քիչ մարդոց հասանելի կրնաս ըլլալ, մինչայդ պատկերասփիւռի եւ շարժապատկերի միջոցով ու շատ կարճ ժամանակի աշխատանքով՝ միլոնաւոր մարդոց: Զանազան ձեւերով պատկերասփիւռը կրնայ հոյակապ ըլլալ՝ բայց նաեւ շատ սահմանափակ: Նոյնիսկ բեմադրիչը բազմաթիւ վարպետներ ունի: «Սթիւտիօ»ներն են «շօու»ն վարողները, եւ անոնք կ՛ուզեն, որ ամէն ինչ իրենց պատկերացուցած ձեւով ըլլայ: Նաեւ, պատկերասփիւռէն ներս ամէն ինչ շատ արագ կ՛ընթանայ: Գործընթացը ֆիլմարուեստին մէջ տարբեր է: Ֆիլմարուեստը կը նախընտրեմ, որովհետեւ այնտեղ, անոր պատրաստութեան հոլովոյթի ընթացքին, դե-րասանին կը տրուի ստեղծագործական բաւական ազատութիւն, ինչպէս նաեւ՝ հարցեր լուծելու բաւական ժամանակ: Մէյ մը, որ ժապաւէնը նկարուած եւ տուփին մէջ դրուած է՝ գործը աւարտած է. նոյն տողերը ամէն իրիկուն եւ շաբաթներու ընթացքին կրկնելու կարիքը չունիս:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Հետեւելով ձեր ասպարէզի հոլովոյթին՝ կը տեսնենք, թէ կառուցած էք պատկարելի քանակով եւ որակով բեմական, պատկերասփիւռի եւ շարժապատկերի գործերու կալուած մը, հակառակ այն իրողութեան, որ սկսած էք ոչինչէն, քաջ գիտնալով նաեւ, որ ծայրայեղօրէն դժուար բան է Հոլիվուտի մէջ իրականացումներ արձանագրելը:
Նշելով ձեր վերջին իրագործումները՝ դեր մը «Տը Մէն Հու Սթեր Էթ Կօթս» ֆիմնին մէջ (The Men Who Stared at Goats), Ճորճ Քլունիի, Իուըն ՄաքԿրեկըրի, Քեւըն Սփէյսիի եւ Ճեֆ Պրիճզի նման տաղանդներու կողքին, նաեւ պատկերասփիւռի յաջող շարքին՝ «24»ին մէջ՝ ինչպէ՞ս կարելի է գնահատել ձեր իրագործումներուն ճանապարհը:
ՀՐԱՉ ԹԻԹԻԶԵԱՆ.- Իմ ճանապարհս շատ իւրայատուկ կամ հետաքրքրական չէ: Պարզապէս, մեծ ճիգ թափած եմ՝ կարելի եղածին չափով շատ լսումներու (auditions) ներկայանալու՝ լաւ նախապատրաստուած ըլլալէ ետք: Երբեք գործի առաջարկ մը չեմ մերժեր, սակայն երբեմն փախումներ կրնան պատահիլ: Մասնաւորապէս այս ասպարէզէն ներս, պէտք է միշտ դրական մնալ ու ցոյց տալ հոյակապ վերաբերմունք: Երբ անգործութեան պատճառով ընկճուիս եւ նեղուիս՝ կը դատապարտուիս. մարդիկ մղոններու հեռաւորութենէն կը զգան եւ ալ չեն ուզեր հետդ աշխատիլ: Բազմաթիւ պատճառներ կան դերասանական աշխատանք չգտնելու, որնցմէ 10 տոկոսը՝ տաղանդի պատճառն է: Երբեմն գործ կը գտնես եւ երբեմն ոչ: Եւ եթէ փախտաւոր ես, ոչ միայն գործ կը գտնես, այլ կը ներառուիս «24»ին եւ «Տը Մէն Հու Սթեր Էթ Կօթս»ին պէս յայտնի գործերու ծրագիրին մէջ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ի՞նչ ծրագիրներով զբաղած էք այս օրերուն եւ ապագայի ինչպիսի՞ ծրագիրներ ունիք:
ՀՐԱՉ ԹԻԹԻԶԵԱՆ.- Նոր աւարտեցաւ նկարահանումը «Սի.Պի. Էս.»ի (CBS) «Էն.Սի.Այ.Էս. Լոս Անճելըս» (NCIS: Los Angeles) պատկերասփիւռի ժապաւէնին, որուն մէջ հիւր-աստղ եմ (guest-star). անիկա պիտի սփռուի այս ամսուան ընթացքին: Նաեւ, «Մարք Թարփըր Ֆորում»ին (Mark Tarper Forum) ներկայացուած «Պենկալ Թայկըր էթ տը Պաղտատ Զու» (Bengal Tiger at the Baghdad Zoo) թատերախաղը, որուն մէջ ստանձնած էի գլախաւոր դեր մը, ըստ երեւոյթին, պիտի ներկայացուի Նիւ Եորքի մէջ (Broadway): Տակաւին հաստատուած որոշում մը չէ այս մէկը, սակայն յոյսով եմ, որ մաս պիտի կազմեմ յայտնի այս թատրեխաղին ներկայացման Նիւ Եորքի մէջ:
