
Երկու տարի առաջուան «Միջերկրականեան» նաւապտոյտի յաջողութենէն քաջալերուած, Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոնական վարչութիւնը կազմակերպեց դէպի պալթեան երկիրներ եւրոպական երկրորդ նաւապտոյտ մը, որ կը զուգադիպէր միութեան Հարիւրամեակին:
22 Օգոստոսէն 3 Սեպտեմբեր, 2010 տեւած նաւապտոյտը սկսաւ Ամսթերտամէն, ուր 20 երկիրներէ ժամանած 360 ՀՕՄականներ ու համակիրներ, ներառեալ կեդր. վարչութեան ներկայ թէ անցեալ կազմերու անդամներ՝ իրենց կողակիցերով. անոնք իրար գտան «Սելեպրիթի Քոնսթըլէյշըն» զբօսանաւուն վրայ, որ իր շքեղութեամբ ու մեծութեամբ կը տիրապետէր շրջապատին:
Նաւապտոյտի առաջին հանգրուանը Գերմանիոյ «Ուարեմունտ» նաւահանգիստն էր, ուրկէ կարելի եղաւ այցելել Պերլին ու Ռոստոք քաղաքները, օգտուելով նաւային ընկերութեան կազմակերպած շրջապտոյտէն:
Յաջորդ հանգրուանը Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմը եղաւ, ուր ճամբորդներուն կը սպասէին ՀՕՄի տեղւոյն վարչութիւնն ու ընկերուհիները. անոնք նաւապտոյտի ճամբորդներուն համար կազմակերպած էին պատշաճ ընդունելութիւն, պտոյտներ դէպի տեսարժան վայրեր, այցելութիւն թագաւորական պալատ եւ կէսօրուան ճաշ, որուն մասնակցեցան համայնքի որոշ թիւով ազգայիններ ու հոգեւոր հովիւ Դանիէլ վարդապետը:
Սթոքհոլմէն ետք նաւը կանգ առաւ Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքի եւ օր մը այնտեղ մնալէ ետք հասաւ Ռուսիոյ հիւսիսային մայրաքաղաք Ս. Փեթըրսպուրկ՝ նաւապտոյտի գագաթնակէտը:
Մեծն Պետրոսի հիմնած պալատանիստ այս շքեղ քաղաքին մէջ խումբը մնաց երկու օր, առիթը ունենալով վայելելու, ի միջի այլոց, Չայքովսքիի «Կարապի Լիճը»՝ քաղաքի պալէյի թատրոնին մէջ:
Յաջորդ հանգրուանը եղաւ Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինը, ապա Դանիոյ մայրաքաղաք Քոփընհակընը եւ վերադարձ Ամսթերտամ, ուրկէ նաւապտոյտի մասնակիցները վերադարձան իրենց երկիրները:
Նաւապտոյտի հայկական դիմագիծը շեշտելու համար, ՀՕՄին կողմէ խումբին համար կազմակերպուած էր ՀՕՄի Հարիւրամեակի տօնակատարութիւն, հայկական խրախճանք-պարահանդէսներ, ինչպէս նաեւ ազգային երգերու երեկոյ: Տարբեր շրջաններէ ժամանած ՀՕՄի անդամներ հաւաք մը ունեցան նաւուն վրայ, որուն ընթացքին արծարծուեցան ՀՕՄի Հարիւրամեակի եզրափակիչ ձեռնարկները Հայաստանի մէջ:
ՀՕՄի Հարիւրամեակը նաւուն վրայ նշուեցաւ պատշաճ հանդիսաւորութեամբ: Ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան անդամ Շաքէ Պասմաճեանը, ցուադրուեցաւ ՀՕՄի մասին տեսաներիզ մը, ապա կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց անոր անդամներէն Մայտա Մելքոնեանը, իսկ ներկաներուն հետ իր տպաւորութիւնները կիսեց վերջերս Արարատի գագաթը բարձրացած Ռուբինա Մանուչարեանը: Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաւապտոյտի մասնակիցեր՝ դաշնակի ընկերակ-ցութեամբ, ասմունքով ու մենախօսութեամբ:
Նաւապտոյտին մասնակից հայրենի տաղանդաւոր երգչուհի Սուզան Մարգարեանը իր մեկնաբանած երգերով հրապուրեց ներկաները:
ՀՕՄի Հարիւրամեակին նուիրուած պարահանդէսին ընթացքին, հարիւրամեակի կարկանդակի հատումէն ետք, ստեղծուած խանդավառ մթնոլրտին մէջ եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
«ՀՕՄի երկրորդ նաւապտոյտի աննախընթաց այս յաջողութեան առիթով, առաջին կարգին շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել ՀՕՄի բոլոր միաւորներուն ու վարչութիւններուն, որոնց ճիգին շնորհիւ է որ քսան տարբեր երկիրներէ մասնակիցներ ունեցանք մեր նաւապտոյտին», յայտնեց ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ նաւապտոյտի պատասխանատու Շաքէ Պասմաճեանը: «Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր մասնակիցներուն, որոնք հաճելին կը միացնեն ազգանպաստին: Նաւապտոյտէն ստացուած հասոյթը պիտի ծառայէ ՀՕՄի արտերկրի թէ հայրենիքի բոլոր տարծքներուն մէջ տարած աշխատանքներուն», եզրակացուց ան, խոստանալով հանդիպիլ ՀՕՄի յաջորդ նաւապտոյտին: