ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Յունաստանի «Թօ Վիմա» թերթը վերջերս հրատարակած էր լուր, մը որուն մէջ կը պնդուէր, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան գաղտնի համաձայնութիւն մը գոյացուցած է Յունաց Պարթոլոմէոս պատրիարքին հետ: Ըստ այս համաձայնութեան, Թուրքիա պիտի ճանչնայ պատրիարքարանի տիեզերական (Էքումենիք) հանգամանքը եւ պիտի վերաբանայ Հէյպելիի դպրեվանքը, որուն փոխարէն՝ Յունաց պատրիարքարանը Եւրոմիութեան մէջ պիտի բարելաւէր կրօնական ազատութիւններու հարցին մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցած պատկերը։ Յունական թերթին մէջ հրատարակուած այս լուրը արձագանգ գտած է կարգ մը թրքական թերթերու մէջ եւս։
Պետական նախարար Էկեմէն Պաղըշ, «Զաման» թերթի թղթակիցին հարցումին պատասխանելով՝ հերքեց այս լուրը: «Թուրքիոյ վարչապետը ոչ մէկուն հետ գաղտնի սակարկութիւն կ՛ընէ», ըսաւ Պաղըշ, որ յիշեցուց, թէ Էրտողան Յունաց պատրիարքարանին մասին իր մտածումները արդէն յստակ կերպով արտայայտած էր Մայիսին, Աթէնք կատարուած այցելութեան ընթացքին։ Աթէնքի մէջ, երբ իրեն հարցուցած էին, թէ Յունաց պատրիարքին համար գործածուած Տիեզերական պատրիարք տիտղոսը զինք կ՛անհանգստացնէ՞, Էրտողան պատասխանած էր, որ այն, ինչ չէ անհանգստացուցած իր պապերը, զինք եւս չ՛անհանգստացներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.