ՊՐԻՒՔՍԵԼ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմինը Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14ին դատապարտեց գնչուները Ֆրանսայէն արտաքսելու քայլը եւ շեշտեց, թէ ան հաւանաբար խախտում մըն է Եւրոպական Միութեան օրէնքներուն։
Ֆրանսայի իշխանութիւնները վերջերս աւելի քան հազար գնչուներ արտաքսած են, ինչ որ միջազգային դատապարտումի ալիք մը յառաջացուցած էր։
Հակառակ այս դատապարտումին, Ֆրանսա Երեքշաբթի օր 69 գնչուներ եւս արտաքսեց դէպի Հունգարիա:
Եւրոպական Միութեան արդարադատական հարցերու յանձնակատար Վիվիան Ռետինկ յայտնեց, որ արտաքսումները այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, թէ մարդիկ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութենէ մը կը վերցուէին պարզապէս ցեղային փոքրամասնութեան մը անդամ ըլլալուն համար, եւ աւելցուց, թէ Ֆրանսա շատ հաւանաբար տուգանքի ենթարկուի այս արարքներուն համար: Ռիտինկ յայտարարեց. «Ցեղային ծագումի հիմամբ խտրականութիւնը Եւրոպայի մէջ տեղ չունի»։
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը զարմանք յայտնեց Եւրոմիութեան այս յայտարարութեան նկատմամբ։ «Մենք չենք կարծեր, որ այսպիսի յայտարարութիւն մը կրնայ բարելաւել կացութիւնը։ Բանավէճերու ժամանակը չէ, այլ գնչուներու ի նպաստ աշխատանքի ժամանակն է», ըսաւ ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.