
ԸՐՎԱՅՆ.- Ուրբաթ, Յուլիս 9ին, Ըրվայնի «Մերիոթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած Վարդանի ասպետներու եւ Վարդանի դուստրերու զոյգ ընդհանուր ժողովներուն ընթացքին քննուեցան միութեան գործունէութիւնը եւ ապագայ ծրագիրները: Ժողովներուն ընթացքին շեշտուեցաւ, թէ զոյգ միութիւնները անցեալ տարուան ընթացքին միասնաբար 700,000 տոլարի մարդասիրական նուիրատուութիւններ կատարած են:
Վարդանի ասպետները եւ Վարդանի դուստրերը նաեւ ընտրեցին իրենց առաջնորդները, յաջորդաբար՝ դոկտ. Տենիս Փափազեանը եւ Մելինէ Ուզունեանը:
Այս առիթով կազմակերպուած ճաշկերոյթին ընթացքին, Վարդանի ասպետներու «Տարուան անձը» մրցանակը շնորհուեցաւ Ռիթա Պալեանին, որ իր հաստատած Ամերիկահայ մշակութային միութեան ջանքերով եւ ՀԲԸՄի զանազան ծրագիրներուն ընդմէջէն, մարդասիրական երկարամեայ սպասարկութիւններ իրականացուցած է Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ: