ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- «Մերտինեան» վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ 2010ին, Միացեալ Նահանգներու տարածքին կատարուած «SAT 10»ի քննութիւններուն ընթացքին, վարժարանի աշակերտները տպաւորիչ արդիւնքներ ապահոված են եւ վարժարանին պատմութեան մէջ արձանագրած են ամենաբարձր նիշերը:
Աշակերտներուն ընթերցողութեան, գրելու, լեզուի հասկացողութեան, ուսողութեան, գիտութեան եւ ընկերային գիտութեանց դաստիարակութեան մակարդակը չափող այս քննութիւնը, որուն մասնակցած են Ա.էն Ը. դասարանի աշակերտները, ցոյց տուած է, թէ մեր վարժարանի աշակերտներուն ապահոված արդիւնքները ամբողջ երկրի տարածքին աշակերտներու արձանագրած արդիւնքին միջինէն շատ աւելի բարձր են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.